Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային պատգամաւորական 89րդ ժողովը կը գումարուի կազմակերպութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի նախօրէին:
Ժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն, ժողովին մասնակից պատգամաւորներուն մօտ զգալի էր պարտաւորութեան ու պատասխանատուութեան տրամադրութիւն մը, որ կը բխէր հարիւրամեայ հսկայական վաստակի տէր կազմակերպութեան մը ժառանգորդներէն ու գործի շարունակականութեան երաշխաւորներէն ըլլալու գիտակցութենէն:
Նոր ժողով, անցեալ տարուան աշխատանքներու գնահատում, նոր տարեշրջանի աշխատանքներու ծրագրում, ղեկավար կազմի թարմացում. ասոնք սովորական, հերթական ժողովներու օրակարգերն են: Այդ օրակարգով կ՛ընթանայ նաեւ այս ժողովը, որ սակայն յաւելեալ քաղցր պարտաւորութիւնը պիտի ունենայ այս մեծ կազմակերպութեան հարիւրամեակը արժանի փառաւորումով դիմագրաւելու, ծառայութեան նոր հարիւրամեակի մը կռուանները ամրապնդելու գործը գլուխ հանելու:
Մենք ոչ մէկ կասկած ունինք, որ Շրջանային այս ժողովը պատուով պիտի կատարէ իրմէ ակնկալուածը: Մեր վստահութիւնը կը բխի դար մը պատմութիւն կերտող յաջորդական յանձնառու սերունդներու նուիրումի բազում ու բազում վկայութիւններէն, նուիրում ու յանձնառութեան ոգի, որ այսօր ալ, այս ժողովի մասնակիցիներէն իւրաքանչիւրին մօտ առկայ է:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄի ժողովին ու մեր անվերապահ նեցուկը կը յայտնենք անոր ազգօգուտ գործունէութեան: