Կեդրոն մը եւս: Այս անգամ Կլէնտէյլի մէջ:
Փասատինան իր կեդրոնը փոխադրեց դէպի աւելի ընդարձակ տարածքով կառոյցի մը:
Կլէնտէյլը իր վարձակալութեամբ օգտագործած կեդրոնի փոխարէն, վաղը կը բանայ իր սեփական տան դռները:
Շուտով Հոլիվուտի հայ համայնքը պիտի ունենայ իր նոր Հայ կեդրոնը:
Կ՛ապրի Մեծն Լոս Անճելըսի հայ համայնքը: Կ՛ապրի, կը գործէ, կը կառուցէ:
Համախմբում ազգային գաղափարի շուրջ, ազգապահպանման ու հայակերտման ոգի, հայրենասիրութիւն ու Հայաստան պետութեան ամրապնդումի տեսլական. այս սկզբունքներով ղեկավարուող կեդրոններ են ասոնք, որոնց յարկին տակ հայ մարդը, հայ երիտասարդը մասնակից կ՛ըլլայ հայկական իրականութեան, հայութեամբ կը շնչէ, հայկականութեամբ կը տոգորուի:
Չբաւարարուիլ ներկայ հնարաւորութիւններով, ձգտիլ աւելիին, աւելի մեծ ու այժմէական կեդրոններ կառուցելու, աւելի կատարելագործել երիտասարդութիւնը ներգրաւելու միջոցները, աւելի զարգացնել համայնքի բոլոր խաւերուն ծառայութիւններ մատուցելու կոչուած ծրագիրները. այս կարգախօսները համայնքի ղեկավարող պատասխանատուներուն կողմէ սկզբունք դարձած ըլլալու ողջունելի փաստեր են:
Հզօր համայնք ունենալու փաստեր են ասոնք:
Կը շնորհաւորենք Կլէնտէյլի կեդրոնը, կը շնորհաւորենք Կլէնտէյլի հայ համայնքը իր նոր ձեռքբերումին համար եւ յաւելեալ կենսունակութիւն ու նպատակասլաց աշխատանք կը մաղթենք նոր կեդրոնի բնակիչներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.