Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մարդիկ իրենց կեանքին մէջ շատ յաճախ կ՛ապրին այնպիսի պահեր, ուր անփախուստ է մտահոգութիւնը եւ երբեմն նոյնիսկ վախի աստիճանի հասնող տագնապը: Մանաւանդ երբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունիս եւ բարդուած պատասխանատուութիւններով կեանք կ՛ապրիս, անկարելի է այդ վայրկեանները չ՛ապրիլ կամ չվախնալ անոնց արդիւքներէն:
Մայրեր կը սիրեն խաղաղութիւնը, հանգիստը եւ առանց վերիվայրումներու կեանքը: Երբեմն փոփոխութիւնները դրական ըլլալով հանդերձ, իրենց բացասական ցնցումներով կը լեցնեն ենթակային կեանքը: Նոյնիսկ կայուն վիճակին մէջ անգամ մարդիկ երբեմն վատը նախատեսելով անոր համար պատրաստ կ՛ըլլան, սակայն նաեւ կ՛ապրին այն վախերը, որոնք իբրեւ հետեւանք ի յայտ կու գան:
Հիմնական քանի մը տեսակ վախ կամ աւելի ճիշդը՝ մտահոգութիւն կրնայ ապրիլ ենթական, որ պատասխանատու է ընտանիքի մը: Կարելի է զանոնք ցանկագրել հետեւեալ ձեւով:
1- Անգործութիւն: Նման տնտեսական պայմաններու տակ մարդիկ կ՛ապրին այդ մտահոգութիւնը, թէ կրնան վաղը իրենց գործը կորսնցնել եւ ուրիշ առիթներ չունենալ: Այս մէկը կրնայ ընտանիքին կարգավիճակը խախտել եւ ընտանեկան կեանքէն ներս ցնցումներ յառաջացնել: Եթէ կը կարծէք, թէ ձեր աշխատանքային վայրը գործէ արձակելու վտանգներ կը դիմագրաւէ, ապա նախընտրելի է նման պարագայի դիմաց գտնուելէ առաջ, ձեր գործատիրոջ հետ հանդիպիք եւ որոշ մանրամասնութիւններ միասին սերտէք: Որոշ չափով պրպտումներ կատարեցէք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ամրացնել ձեր դիրքը ձեր աշխատանքային վայրէն ներս: Նաեւ կրնաք պայմանները եւ հաստատութեան ընթացքը սերտել, որպէսզի որեւէ անհաճոյ երեւոյթի դիմաց չգտնուիք:
Աշխատեցէք այն մարզերուն մէջ, որոնց կարիքը ունի հաստատութիւնը: Շատ կարեւոր է նախատեսել պայմաններ եւ անոնց համաձայն մեր կացութիւնը ճշդել: Այս ըսելով, սակայն, պէտք չէ ամբողջութեամբ այս նիւթին վրայ կեդրոնանալ եւ աւելիով ճնշուիլ այս գաղափարին համար: Այդ մէկը կրնայ ձեր աշխատանքային հնարաւորութիւնները հարուածել եւ օգնելու փոխարէն՝ աւելի վտանգել ձեր կացութիւնը: Մնացէք խաղաղ, սակայն գործեցէք արթուն:
2- Ձեր զաւակներու ապահովութիւնը եւ առողջութիւնը: Այս մէկը կը հանդիսանայ մօր մը կամ ծնողքի մը հիմնական մտահոգութիւններուն առաջինը: Զաւակները կը դառնան մօր կեանքին առանցքը: Ամբողջ կեանք մը իրենց համար աշխատելու եւ տքնելու վիճակի մէջ կը գտնուի մայր մը ու ամէն ձեւի զոհողութիւն յանձն կ՛առնէ զաւակներուն համար, որովհետեւ շատ կը սիրէ զանոնք:
Ծնողներ կ՛ուզեն իրենց զաւակները պաշտպանել ամէն տեսակ դժուարութիւններէ եւ զերծ պահել զիրենք բոլոր փորձանքներէն: Սակայն նաեւ պէտք է իմանալ, թէ անկարելի է զիրենք պահել ամբողջական հսկողութեան տակ: Երբ կը մտահոգուինք, կը նշանակէ թէ լաւ ծնողք ենք: Ծայրագոյն պարագային, ձեր զաւակը կրնայ մշտական հիւանդութիւն մը ունենալ եւ գրեթէ ամէնօրեայ խնամքի ու հետեւողութեան կարօտիլ: Այս պարագային, իբրեւ ծնողք, ձեր աշխատանքը շատ դժուար է: Հարկ է ընտրել ճիշդ մանկաբոյժը եւ հետեւիլ երեխային առողջական ընթացքին, որպէսզի կարենաք օգտակար դառնալ բժիշկին՝ իրեն որոշ մանրամասնութիւններ տալով:
Կամ եթէ ձեր երեխան իր դասերուն կամ դասընկերներուն հետ որոշ դժուարութիւններ ունի, լաւ հետեւեցէք եւ որոշ ցուցմունքներ տուէք անոր: Անմիջականօրէն դուք մի ըլլաք հարցը լուծողը, այլ միայն միջոց մը եղէք երեխային համար: Այս պարագային եւս չափազանցութիւններէն պէտք է խուսափիլ: Եթէ ձեր խաղաղութիւնը եւ հանգիստ քունը կորսնցուցած էք եւ կեդրոնացման դժուարութիւն ունիք ձեր գործին մէջ, նախընտրելի է բժիշկին խորհուրդին դիմել եւ յայտնել, թէ կացութիւնը ձեր կարողութենէն աւելի վեր է: Շատ կարեւոր է, որ ձեր պայծառատեսութիւնը չկորսնցնէք եւ լաւ ճանչնաք ձեզ հանգստացնող հիմնական ազդակը: Ձեր բնականոն առօրեան եւ յարաբերութիւնները պէտք չէ խանգարուին այս պատճառով:
3- Բնական աղէտներու եւ պատերազմներու նկատմամբ վախ: Այս պարագաներուն, ինչպէս՝ երկրաշարժի կամ պատերազմի ատեն, այն ինչ կը լսենք հեռատեսիլով կամ մամլոյ քարոզչութեամբ ինքնին կրնայ ամէնէն հանդարտ անձն անգամ տակնուվրայ ընել: Կանխազգուշացման ազդակները կամ որոշ հետախուզութիւնները, նաեւ հանրային կարիքներու արշաւը կրնան մեզ անուղղակիօրէն վախի մատնել եւ մեր հոգեկան անդորրը խանգարել: Նման պարագներու պէտք է վարժեցնել մեր անձերը աւելի հանդարտ վարքի, եւ անպայման չչափազանցել ձեռք առնուած ապահովութեան միջոցները, որպէսզի զերծ մնանք անոնց առթած անտեղի ամէնօրեայ ճնշումներէն: Այս իմաստով, մարդիկ երբերմն նոյնիսկ մթնոլորտի ապականման վախէն կը մերժեն տունէն դուրս գալ, կամ ահաբեկչական արարքի մը զոհ չդառնալու համար նոյնիսկ կը մերժեն հանրային փոխադրամիջոց օգտագործել: Ասոնք չափազանցութիւններ են, որոնք աւելի ծանր հետեւանքներ ունին ենթակային վրայ: