Սեփական Տունը Դպրոցի Վերածած Հօր Զաւակը Կլէնտէյլի Հայ Կեդրոնի Գլխաւոր Նուիրատուն Է
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Զէյթունէն Իրաք հասած Գրիգոր Գարամանուկեան Պաղտատի մէջ կը հանդիպի տասնչորս տարեկան Մարիամին, կ՛ամուսնանան եւ տասնհինգ զաւակ լոյս աշխարհ կը բերեն, անոնցմէ հինգը՝ փոքր տարիքին մահացած, իսկ վերջինը՝ եղբայրը՝ անցեալ տարի:
Այս մեծ ընտանիքին գլուխը կանգնած մարդը, Պաղտատի Սլեխ շրջանին մէջ իր սեփական տունը տրամադրած էր համայնքին՝ զայն իբրեւ դպրոց օգտագործելու համար, իսկ ինք իր բազմանդամ ընտանիքին համար՝ նոր տուն կառուցած:
Այսպիսի հօր զաւակէ մը, կարելի է ակնկալել, որ Կլէնտէյլի նման շրջանի մը մէջ, երիտասարդական եւ համայնքային կեդրոն մը կառուցելու նպատակին իշխանական նուիրատուութին մը կատարէ:
«Հօրս եւ մօրս յիշատակը ուզեցի յաւերժացնել», կ՛ըսէ տոքթ. Գարամանուկեան, որ կրտսերագոյն զաւակն է այս նահապետական ընտանիքին եւ որ Կլէնտէյլի Երիտասարդական կեդրոնի ամէնէն մեծ անհատ նուիրատուն է: Ան 325,000 տոլար նուիրած է կեդրոնին, ուր պիտի հաւաքուին պատանիներ, երիտասարդներ, հայ մշակոյթին, Հայ Դատին ու ընդհանրապէս հայութեան ծառայելու մարդիկ, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ:
Տոքթ. Գարամանուկեան պաղտատի մէջ ստացած է իր միջնակարգ կրթութիւնը եւ 1970ին գացած է Հայաստան, ուր, Երեւանի պետական համալսարանի բշկական բաժին մտնելով՝ մասնագիտացած է իբրեւ բժիշկ:
Երեւանէն անցած է Գերմանիա, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հաստատուելով Լոս Անճելըսի մէջ, 1977ին:
Գարամանուկեան եղած է Հայաստան ուսած բժիշկներէն առաջինը, որ Լոս Անճելըսի մէջ համապատասխան քննութիւնները անցնելէ ետք, ստացած է իր մասնագիտութեամբ աշխատելու արտօնագիրը: Քննութեան պատրաստուելու ամբողջ շրջանը տեւած է միայն վեց ամիս, որ բաւական կարճ ժամանակամիջոց է նման տարողութեամբ աշխատանքի համար:
Տոքթորը ապա բժշկական ասպարէզ մտած է աշխատելով Լոս Անճելըսի գաւառային ընդհանուր հիւանդանոցին մէջ: 1982ին, հիւանդանոցի իր գործին զուգահեռ, բացած է անձնական բշժկական գրասենեակ (քլինիք), գիշերային եւ շաբաթավերջի աշխատանքային ժամերով:
Ձեռներէց բժիշկի ուժն ու կորովը զինք մղած են նաեւ այլ ոլորտներու մէջ փորձելու իր կարողութիւնները: Ան 1984ին ձեռնարկած է շինարարական աշխատանքներու՝ նոյն տարին աւարտելով իր առաջին շէնքի կառուցումը:
Շինարարական աշխոյժ գործունէութիւնը շարունակած է մինչեւ իննսունական թուականներու վերջերը:
1993ին բացած է բժշկական պիտոյքներու կեդրոն, իսկ երեք տարի ետք՝ Կլէնտէյլ Հայ Ֆիւնըրըլ թաղման սպասարկութիւնը: Այս աշխատանքներու կողքին ձեռնամուխ եղած է բշժկական սարքերու ներածման գործին՝ հիմնականօրէն Չինաստանէն ներածելով առողջապահութեան ոլորտի մէջ օգտագործուող սարքեր: Չինաստանի մէջ գրասենեակ ալ ունեցած է որոշ ժամանակ մը:
Եօթը տարիներ առաջ բացած է տարեցներու խնամքի կեդրոն մը՝ »Սէյնթ Մէրի Ըտալթ Հէլթ Քէր« անունով:
Վերջին շրջանին իրագործած ծրագիրներէն է Կլէնտէյլի մէջ բժշկական կեդրոնի մը կառուցումը: Այս կեդրոնի երդիքին տակ պիտի հաւաքուին զանազան մասնագիտութեամբ բժիշկներ, լաւագոյն խնամքը տալու համար իրենց դիմող հիւանդներուն:
Ինք՝ տոքթ. Գարամանուկեան, որոշած է վերադառնալ բշկութեան եւ ինք եւս իր գրասենեակը պիտի ունենայ 800 S. Central հասցէով իր շէնքին մէջ, ուր պիտի մատուցէ իր մասնագիտական ծառայութիւնը:
Իբրեւ նոր բժիշկ, տոքթ. Գարամանուկեան, հիւանդանոց աշխատած ժամանակ, ինչպէս նաեւ իր սեփական բշժկական կեդրոնը ունեցած տարիներուն, Հայաստանէն նոր գաղթած, տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներուն իր խնամքը տրամադրած է անվճար՝ իրենց իսկ բնակարաններուն մէջ:
Վերջին շրջանին, տոքթ. Գարամանուկեանի հասարակական գործունէութիւնը կեդրոնացած է Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաք կազմակերպութեան ծրագիրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ՝ անոնց նիւթապէս թիկունք կանգնելով:
Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքի ծրագիրներէն տոքթորին ամէնէն սրտամօտիկ աշխատանքը եղած է մանկապարտէզներու օժանդակութիւնը: Ան երկար ժամանակ, ամսական յատկացումներով լրացուցիչ վարձատրութիւն ապահոված է մանկապարտէզներու ուսուցիչներուն ու աշխատողներուն, անոնց գործի ու ծառայութեան որակը բարձրացնելու առաջադրանքով: Տոքթ. Գարամանուկեան նաեւ իր ներդումը բերած է մանկապարտէզներու նորոգութեան եւ երեխաներու սնունդ ապահովելու ծրագիրներուն:
Ես, անձնապէս, բազմաթիւ անգամներ տոքթորին առաքած գումարները տեղ հասցուցած ու երախտապարտ աշխատողներու շնորհակալական ուղերձները բժիշկին փոխանցած եմ:
Բազմաթիւ անձերու աղօթքներով օրհնուած տոքթորը երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր հայրը, որմէ ժառանգաբար իրեն փոխանցուած է ձեռներէցութիւնն ու արթուն միտքը, որոնց շնորհիւ ինք կը հաւատայ, որ յաջողութեան կրնայ հասնիլ որեւէ գործի մէջ:
Երախտագէտ զաւակը, իր հօր եւ մօր հանդէպ պաշտամունքի հասնող սէր ունեցող բժիշկը յաւերժացնելու համար անոնց յիշատակը, ամէնէն գեղեցիկ ձեւը գտած է՝ Կլէնտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին վրայ զետեղելով անոնց անունները:
Մեր հանդիպումի աւարտին կը խօսինք նոր կեդրոնի արտաքին պատերու գոյնին մասին, որ կանաչ է եւ կրնայ շատերուն խորթ թուիլ:
– Ես Սէյնթ Փաթրիքի օրուան ծնունդ եմ, կ՛ըսէ բժիշկը: Ուրեմն՝ որքա՛ն կանաչ, այնքա՛ն լաւ: