ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ, Յուլիս 28ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշակոթողին:
Պ. Թատիչ այցելած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, որուն տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հիւրին ներկայացուցած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ նախորդ դարասկիզբին իրականացուած մեծագոյն ոճրագործութեան պատմութիւնը եւ թանգարանին մէջ պահուող նիւթերը: Թանգարանին տնօրէնը Սերպիոյ նախագահին յանձնած է յուշանուէր մը եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրականութիւն:
Պ. Թատիչ թանգարանի յուշամատեանին մէջ կատարած է գրառում, ուր նշած է. «Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ հայ ժողովուրդի բոլոր անմեղ զոհերու յիշատակին»:
Յուլիս 29ին Պ. Թատիչ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ նաեւ 1988ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք աղէտեալ բնակչութեան օգնութեան շտապող օդանաւի արկածին ընթացքին զոհուած հարաւսլաւացի օդաչուներու յուշարձանին: