ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- «Հետազօտական ռեսուրսների կովկասեան կենտրոններ»ու (ՀՌԿԿ) կողմէ իրականացուած 2008ի հետազօտութեան արդիւնքները վկայած են, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կը վստահի հասարակութեան 49 տոկոսը:
Ըստ հետազօտութեան, Ազգային ժողովը կը վայելէ միայն իւրաքանչիւր չորրորդին վստահութիւնը:
100 հիմնական եւ 40 լրացուցիչ հարց ընդգրկող հարցաշարը գործադրուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ, 2008ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն:
Հայաստանէն 2081 մասնակիցներուն 80 տոկոսը կարօտ ունի մտերիմ մարդու, իւրաքանչիւր չորրորդը՝ յաճախ լքուածութեան զգացում, 17 տոկոսը եթէ հնարաւորութիւն ունենայ, կը մեկնի Հայաստանէն։
Քաղաքացիներուն 30 տոկոսը չունի բաւարար միջոցներ սնունդի համար, թանկարժէք ապրանք եւ ցանկացած իրեր կրնայ գնել Հայաստանի տնտեսութիւններու միայն 5 տոկոսը: Պատասխանողներուն 92 տոկոսը յայտնած է, թէ ներկայիս ստիպուած է ծախել տունը, ինքնաշարժը կամ ամառանոցը, մինչ նոյն խնդիրին առջեւ կանգնած է Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի համապատասխան 19 եւ 26 տոկոսը: