ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին լոյս ընծայեց Ամանտա Աքչաքոճայի «Լեռնային Ղարաբաղի լուծում մը միշտ անկիւնին ետեւն է» խորագրով յօդուած մը, որուն մէջ ան կը գրէ, թէ «թէեւ շարք մը հարցերուն շուրջ յաւելեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունին, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»։
Աքչաքոճա կը յայտնէ, որ թէեւ Ատրպէյճան զինուորական ընտրանքը կը շարունակէ սեղանին վրայ պահել, անհաւանական է, որ այդ ընտրանքը պիտի գործադրուի։ «Այդպիսի քայլի մը մարդկային գինը աղէտալի պիտի ըլլայ, եւ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ Ատրպէյճան յաղթանակ պիտի արձանագրէ նկատի ունենալով, որ Հայաստան ռուսական բանակին զօրակցութիւնը կը վայելէ», կ՚ըսէ ան։
Աքչաքոճա կը յայտնէ, թէ Ատրպէյճան պետութիւն մըն է, որ շնորհիւ իր ուժանիւթի պահեստներուն հետզհետէ ինքնավստահ կը դառնայ, սակայն իր փոքր դրացի Հայաստանի կողմէն երկրորդ անգամ ըլլալով վարկաբեկուելու որեւէ փափաք չունի։ Նոյն ատեն, «երկու երկիրները պէտք է փոխզիջումներու դիմեն», կը գրէ ան:
Ան կը գրէ, թէ «Մոսկուա յաճախ անսպասելին կ՚ընէ։ Ռուսերը անցեալին խանդավառ չեն եղած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելով, նկատի ունենալով, որ անկայուն վիճակը իրենց շահերուն լաւապէս կը ծառայէր։ Բայց եւ այնպէս Վրաստանի հետ պատերազմէն ետք Ռուսիոյ կեցուածքը բարեփոխուած է։ Այստեղ լուծում մը կրնայ օգտագործուիլ Վրաստանի վրայ իրենց խեղդակապը սեղմելու, նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին տապալելու համար հետզհետէ աւելի մեկուսացնելով այդ երկիրը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.