ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է սերտօրէն համագործակցելու ամերիկեան իրաւապահ մարմիններու հետ՝ Երեքշաբթի օր ձերբակալուած հինգ հայերու դէմ քրէական գործի բացայայտման կապակցութեամբ:
Հիւպատոսութիւնը շահագրգռուած է հարցի շուտափոյթ բացայայտումով, յայտնած է յայտարարութիւնը, որուն բնագիրը «Ասպարէզ» չէ ստացած:
Բալայեանի համաձայն, հիւպատոսութիւնը կ՛ակնկալէ աւելի մանրամասն տեղեկատուութիւն ստանալ ամերիկեան կողմէն՝ քրէական գործի մէջ առկայ փաստերու, մասնաւորապէս մեղադրուող անձերու կողմէ հիւպատոսութեան պաշտօնական փաստաթուղթերու կեղծման վերաբերեալ:
Ըստ «Ասոշիէթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ցնցուած է այս ձերբակալութիւններու լուրով:
«Այս վերագրումները կը վնասեն մեր երկրի վարկին, բան մը, որ մենք չենք կրնար թոյլ տալ», յայտնած է գլխաւոր հիւպատոսը՝ «Ասոշիէթըտ Փրէս»ի թղթակիցին:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օր, ամերիկեան մամուլը հրապարակեց լուր մը Լոս Անճելըսի բնակիչ հինգ հայերու ձերբակալութեան մասին: Ձերբակալուողները, որոնցմէ երկուքը նախապէս աշխատած են Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան մէջ, մէկը՝ իբրեւ հիւպատոս, իսկ երկրորդը՝ իբրեւ անձնակազմի անդամ, ամբաստանուած են պաշտօնական փաստաթուղթեր կեղծելու միջոցով Ամերիկայէն արտաքսուելու կարգավիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներու համար այստեղ մնալու հնարաւորութիւն ստեղծելու յանցանքով:
Լոս Անճելըսի նախկին հիւպատոս Նորայր Ղալումեան, հիւպատոսութեան նախկին աշխատակից Յակոբ Յովհաննիսեան, ներգաղթի հարցերով իրաւաբան Մարգարիտա Մկրտչեան, Յովհաննէս Նարդոս եւ Էլվիս Մադաթեան, Երեքշաբթի կէսօրին պէտք է դատարանին կողմէ ամբաստանուէին ու իրենց արգելափակման հարցին շուրջ վճիռ ստանային:
Մկրտչեան ձերբակալուած էր Երկուշաբթի, իսկ միւսները՝ Երեքշաբթի օր:
Բոլոր ամբաստանեալները իրենք զիրենք անմեղ հռչակած են: Յանցագործութեանց ապացուցման պարագային, մեղադրեալները կրնան ենթարկուիլ մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան:
Երեքշաբթի կէսօրին, չորս ամբաստանեալները՝ Ղալումեան, Մկրտչեան, Յովհաննիսեան եւ Մադաթեան, դրամական երաշխիքով ազատ արձակուեցան: Իսկ Նարդոսին հարցը պիտի քննարկուի Օգոստոս 7ին:
Ըստ իրաւապահ մարմիններու մօտ գտնուող փաստաթուղթերու, ամբաստանեալները գաղտնի գործակալներու յայտնած են, թէ ինչպէ՛ս կրնան անոնց մատակարարել «մերժումի նամակներ»՝ փրկելու համար զանոնք արտաքսումէ: «Մերժումի նամակներ»ը Հայաստանի հիւպատոսութեան կողմէ տրուած պաշտօնական փաստաթուղթեր են, որոնք կը յայտնեն, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն արտաքսումի կարգավիճակով անձին անհրաժեշտ ճամբորդական փաստաթուղթերը տալ եւ ընդունիլ զայն երկիր: Այս փաստաթուղթին շնորհիւ, Ամերիկայէն արտաքսուող Հայաստանի քաղաքացին ժամանակ կը շահի ու այլ ճամբաներով իր կեցութիւնը կ՛երկարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ըստ գործակալներու զեկոյցին, կեղծ փաստաթուղթին համար պահանջուած գումարը 35,000 տոլար է:
Գործակալները կատարած են այս վճարումը եւ իրենց խոստացուած է նամակը, որ իրենց հասած է երբեմն Հայաստանէն, երբեմն ալ մինչեւ անցեալ տարի՝ Լոս Անճելըսի հիւպատոսութիւն աշխատած անձի մը միջոցաւ:
Ամբաստանագրին մէջ տեղ գտած զեկոյցի մը համաձայն, իրաւաբան Մարգարիտա Մկրտչեան գաղտնի գործակալին յայտնած է, թէ «Մերժումի նամակ»ի ստացման պահուն, մեծ հաւանականութեամբ արտաքսուողը ազատ կը համարուի եւ նոյնիսկ աշխատելու արտօնագիր կը ստանայ ներգաղթի վարչութենէն:
Մկրտչեան գործակալներուն յայտնած է նաեւ, որ ինք որեւէ շահոյթ չի ստանար նամակը ձեռք բերելու համար, այլ պարզապէս կը յուսայ, որ արտաքսուողը իր կեցութեան հարցը լուծելու համար կը դիմէ անոր վճարովի իրաւաբանական ծառայութեան: Միւս ամբաստանեալները, ըստ նոյն զեկոյցին, մասնաբաժին պահանջած են նամակի ապահովման համար:
«Մերժումի նամակ» ստանալու համար նշեալ ամբաստանեալներուն դիմողներուն մէջ, ըստ դատախազութեան տեղեկագիրներուն, եղած են յանցագործներ:
Ըստ «Ասոշիէթըտ Փրէս»ին, իրաւապահ մարմինները յաւելեալ նամակներ ու չօգտագործուած նամակաթուղթեր յայտնաբերած են ամբաստանեալներու գրասենեակներէն կամ բնակարաններէն:
Իրաւապահ մարմինները այս հարցի քննութեամբ զբաղած են վերջին երկու տարիներուն:
Ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան խօսնակին համաձայն, ամբաստանեալները, որոնք գործած են իրարմէ անկախ, վաճառած են նուազանգոյնը պաշտօնական 24 նամակ: