Քարիւղի պաշարներով հարուստ Իրաքի հիւսիսային Քիւրտիստան շրջանի 111 հոգինոց խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւոր մը ընտրուած է: Շրջանի ազգային փոքրամասնութիւններուն յատկացուած աթոռներէն մէկը վերապահուած էր հայերուն:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ օր: Երեք հայ թեկնածու առաջադրուած էր եւ արդիւնքներուն հրապարակման ձգձգման պատճառով, միայն Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին յստակացած է արդիւնքը:
Արդարեւ, Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեան, «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, թէ ընտրուած է Արամ Շահին Բակոյեանը, որ անդամ է Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան: Ըստ Յակոբեանին, բոլոր հայ թեկնածուներն ալ Պարզանիի կուսակցութենէն քրտախօս հայեր են: Արամ Շահինը Արծրուկ բնակավայրէն է ու անցեալին մասնակցած է Պարզանիի զինեալ ջոկատներու կռիւներուն:
Պարոյր Յակոբեան նաեւ յայտնեց, թէ Իրաքի Քիւրտիստանին մէջ ներկայիս շուրջ երկուհազար հայ կը բնակի:
Յայտնենք, թէ Պարզանիի եւ Ճալալ Թալապանիի դաշինքը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է, սակայն 2005ին ապահոված 78 աթոռին փոխարէն, կրցած է միայն 55 աթոռ ապահովել:
Ընդդիմութիւնը ընտրական կեղծիքներ կատարելու յանցանքով ամբաստանած է դաշինքը եւ բողոքի նամակներ յղած է ՄԱԿին եւ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն:
Ներկայ պայմաններուն տակ, ընդդիմադիրները խորհրդարանին մէջ պիտի ունենան 28 պատգամաւոր: