ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Ազատլիկ» թերթը կը հաղորդէ, թէ երկրին զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը նախաձեռնած է շարք մը բարեփոխումներու, ՆԱԹՕի չափանիշներուն համապատասխանելու նպատակով: Կը կարծուի նաեւ, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ու զինուորական ուժերու հրամանատարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոփոխութիւններ տեղի կրնան ունենալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.