ՊԱՔՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Թիւրքմէնիստանի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Ազերի-Շիրակ-Կիւնեշլի» եւ «Քիափազ» հանքավայրերու հարցերը ան պիտի ներկայացնէ Իրաւարարութեան միջազգային դատարանին, իրարանցում մը յառաջացուցած է Պաքուի մէջ: Ատրպէյճանի քաղաքական շրջանակները կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ բան պատճառ դարձած է այս որոշումին եւ կասկածներ կան, որ այս քայլը կապուած է «Նապուքօ»ի հարցին: Պաքուն բաւական զուսպ արտայայտուեցաւ «Նապուքօ»ի իր մասնակցութեան վերաբերեալ, մինչդեռ Թիւրքմէնիստան ցուցադրաբար խզեց ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան հետ իր պայմանագիրը եւ բացայայտ կերպով կողմնորոշուեցաւ ի նպաստ «Նապուքօ»ի։
Ըստ մասնագէտներու, Պաքու-Աշխապատ լարուածութիւնը ծնունդ առած է Թիւրքմէնիստանի կազը եւրոպական գիներով չգնելու Ռուսիոյ որոշումէն, որմէ ետք վատթարացած էին Մոսկուա-Աշխապատ յարաբերութիւնները, մինչ Պաքուն եւ Մոսկուան կազի մատակարարման հարցով համաձայնութիւն գոյացուցին։