ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թուտէյ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի իշխող Նոր Ատրպէյճան կուսակցութեան պաշտօնատարներէն երեսփոխան Մուպարիզ Կուրպանլի յայտնած է, թէ «Դժուար է Մատրիտեան սկզբունքներուն բարեփոխուած տարբերակին մասին խօսիլ, որովհետեւ անոնք դեռ չեն բացայայտուած»։
«Եթէ Մատրիտի փաստաթուղթը համապատասխանէ Ատրպէյճանի ազգային շահերուն, ապա կարելի է զայն բանակցութեանց հիմքի վերածել», ըսած է ան։
Կուրպանլի նշեց, որ Ատրպէյճան երբեք պիտի չզիջի իր հիմնական սկզբունքէն։ «Ատրպէյճանի նախագահը բազմաթիւ առիթներով յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան ծիրին մէջ։ Ասիկա տագնապի լուծման բոլոր ընտրանքներուն մէջ իբրեւ հիմք կը ծառայէ», աւելցուցած է Կուրպանլի։