ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիարկութիւնը, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Մարտիկ Պօղոսեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային եւ լիբանանեան քաղաքական գետնի վրայ արձանագրուող նորագոյն զարգացումներուն եւ յատկապէս՝ կառավարութեան կազմութեան օրակարգին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.