ՇԱՐԺԱ.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ապրող հայազգի մտաւորական եւ գործարար Նշան Պասմաճեան հիմնադրած է www. nshanag.com նոր կայքէջը:
Անոր խօսքով, բացի տեղեկատուութիւն տրամադրելէ, կայքէջը պիտի շօշափէ գրական, գեղարուեստական, մանկավարժական, կրթական-դաստիարակչական, լեզուագիտական, պատմական, կրօնական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ հայութիւնը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր:
«Պիտի ունենայ ամէնօրեայ «թերթօն», որպէսզի ընթերցողը առիթ ունենայ կարդալու մէկ-երկու էջ հայերէն տպուած գիրքէ մը. սովորութիւն մը, որ շատերուս կողմէ վաղուց մոռացութեան ենթարկուած կրնայ ըլլալ եւ կամ է արդէն: Այնտեղ, առ այժմ, անորոշ յաճախականութեամբ, պիտի հանդիպինք մանկական էջերու: Ժամանցի, կատակներու եւ իմաստուն խօսքերու բաժիններն ալ մոռացութեան չեն տրուած: Կայքէջը տեղ պիտի տայ ընթերցողներու կարծիքներուն, անոնց յօդուածներուն, շինիչ քննադատութեանց, լուրջ, սերտուած եւ հիմնաւորուած առաջարկներուն:
Գործածուող լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը՝ ընդհանրապէս: Եւ վերջապէս, կայքէջի ստեղծման հիմնանպատակներէն մէկն է՝ լայն տեղ տրամադրել մտաւորական պատրաստութիւն ունեցող եւ գրիչ շարժող հայորդիներու, գիտնականներու, հոգեւորականներու, բանասէրներու, պատմաբաններու, գրագէտներու, մանկավարժներու, դաստիարակներու՝ զայն ձեւով մը վերածելու համար մտաւորական ժամադրավայրի», ըսուած է նոր հիմնուած «Նշանակ» կայքի էջին վրայ:
«Նշանակ»ի մէջ տպագրուած նիւթերէն են, զոր օրինակ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերէն պատառիկներ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի յիսնամեակի մասին գրութիւններ: Իսկ «Նշանակ»ի կրօնական բաժինին մէջ տրուած է Ս. պատարագի մեկնաբանութիւնը: Ի շարս այլ բաժիններու, հետաքրքրական է նաեւ «Ճանչնանք Հայոց մեծերը» բաժինը, ուր կը խօսուի Լեւոն Շանթի, Մուշեղ Իշխանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Նիկողայոս Ադոնցի, Վահան Թէքէյեանի եւ այլ երեւելիներու մասին:
Յիշեցնենք, որ «Նշանակ»ի հիմնադիր Ն. Պասմաճեանը ծնած է Սուրիա՝ մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ: Անոր հայրը՝ Ժոզէֆ Պասմաճեան, երկար տարիներ եղած է Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի տնօրէն: իսկ ինք՝ Ն. Պասմաճանը, 1973-1976 թուականներուն վարած է Համազգային կրթամշակութային միութեան գրատան տնօրինութիւնը: Հետագային տեղափոխուած է Շարժա, ուր ներկայիս տեղի INTERMETAL ընկերութեան տնօրէնն է: Ն. Պասմաճեան նաեւ 1980ին մասնակցած է Շարժայի մէջ հայկական վարժարանի հիմնադրման, ուր եւ 14 տարի պաշտօնավարած է իբրեւ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ, ծառայած է իբրեւ վարժարանի հոգաբարձու, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Թեմական ժողովի անդամ: Ան ներկայիս կը վարէ տեղի «Օհաննիսեան» վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Էմիրութիւններու մասնաճիւղի ատենապետութիւնը: Ն. Պասմաճեան նաեւ մասնակցութիւն բրած է Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրման աշխատանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.