ՊՈԼԻՍ.- Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Շաբաթ, 1 Օգոստոսին, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց համայնքային շրջանակներէ ներս մեծապէս յարգուած բժիշկ Յովհաննէս Փափազեանը։
Ան երկար տարիներ անշահախնդիր աշխատանք տարաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս: Ծնած էր 1927ին, Պոլիս։ Նախնական ուսումը ստացած էր Պոլսոյ «Մխիթարեան» վարժարանէն, ապա հետեւած էր համալսարանի բժշկական ճիւղին։
1970էն ի վեր ան մուտք գործած է Ազգային հիւանդանոց եւ աւելի քան 35 տարի պաշտօնավարած է այդ երդիքին տակ։
Տոքթ. Յովհաննէս Փափազեանի մահով Պոլսոյ հայ համայնքը կորսնցուց մտաւորական մեծ անձնաւորութիւն մը, որ անտարակոյս շատ պիտի փնտռուի զինք ճանչցող ու սիրող լայն շրջանակին կողմէ։