ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Հարցական կ՛երեւիս այսօր, Զաքար, խե՛ր է. ի՞նչ ունիս:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ի՞նչ պիտի ունենամ. տաղտուկ։ Այս առաւօտ, դրացիս՝ Հոզէն, տեսայ, «Շատ կարեւոր հարցի մը համար առանձին տեսակցութիւն մը ունենալ կ՛ուզեմ հետդ», ըսաւ: Ժամադրուեցայ երեկոյեան ժամը 6ին: Սկսայ մտածելու՝ ինչի՞ մասին կրնայ ըլլալ Հոզէին հարցը…: Կնկա՞յ հարց: Դրամի՞ հարց: Գործի՞ հարց: Ամուսնութեա՞ն: Ճամբորդութեա՞ն: Հիւանդութեա՞ն: Բանտի՞: Հայերու հետ այսպիսի լուրջ տեսակցութիւններ ունեցած եմ, առտըւնէ ի վեր կը մտածեմ Հոզէի հարցին մասին, ի՞նչ կրնայ ըլլալ. քու կարծիքդ ի՞նչ է, Ասպետ:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Դուն երկու տարուան կեանք ունիս այստեղ, Հոզէին հարցը դրացիի հարց մը կրնայ ըլլալ: Իսկ եթէ կնոջը ժպտելով նայած ես… զգո՜յշ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ես կը կարծեմ, որ դրամական հարց է, թերեւս այս վատ տնտեսութիւնը զինք անգործ ձգած է: Թերեւս նոր ինքնաշարժս աչքին ախորժակը բացաւ, զիս բան մը կարծեց, թերեւս պարտքի դրամ ուզէ: Ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ դրամ ուզէ:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Այս մեքսիքացիները շատ աժան աշխատող եւ աշխատասէր մարդիկ են։ Եթէ տանդ մէջ նորոգուելիք բաներ կան, զինք նկատի ունեցիր եւ գործը իրեն յանձնէ: Աժան կ՛աշխատին, բայց պէտք է կերակրես զիրենք, այնքան ատեն, որ նորոգութիւն կայ տանդ մէջ: Եւ օրը օրին պէտք է վճարես:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Արդեօք ամուսնանալիք մէ՞կը ունի իր մտքին մէջ, եւ աչքը տնկած է աղջկաս վրա՞յ: Հարցը կը կնճռոտի այդ պարագային:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Չեմ կարծեր, Զաքար: Ես կը ճանչնամ մեքսիքացի հայր մը, որ իր աղջկան պսակին չգնաց, որովհետեւ փեսան հայ էր: Շատ պատուախնդիր են:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Թերեւս պիտի ճամբորդէ. որպէսզի կարծուի թէ տունը բնակող կայ, թերեւս խնդրէ, որ իր բացակայութեան շրջանին աչքս իր տան վրայ պահեմ, նամակատուփը պարպեմ, խոտերը ջրեմ, լոյսերը վառեմ, եւ այլն:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Ուրեմն դրացիդ կարգին ունեւոր մեքսիքացի մըն է, տուն ունի, ուշադրութի՜ւն… Partner չփնտռէ, ծխել-մխել, ծախել-մախել եւ քեզի անվայել առաջարկներ չընէ, տակից չ՛աշխատի, հետը չձեռնուիս, ախտաւոր կրնայ ըլլալ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Այս իրիկուն ժամադրուեցայ հետը, նայինք ի՛նչ է ցաւը:
(Յաջորդ օրը)
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Գիշերը ես ալ քունս փախցուցի, պատմէ՛ նայինք:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Եղբայր. մենք ինչո՞ւ այսպէս ենք, նախ քան Հոզէին հետ խօսիլը, մենք մեզի իրաւունք տուինք նախատեսութիւններ կատարելու, մինչդեռ մարդուն ըսելիքը բոլորովին տարբեր հիմք ունէր։ Հոզէն ըսաւ. «30 տարիներէ ի վեր ես այս թաղը կ՛ապրիմ, շրջապատուած եմ հայ ընտանիքներով, բոլոր հայ զաւակներն ու թոռները այնքա՛ն կապուած են իրենց ծնողներուն, ինչ որ նախանձս կը շարժեն. մեր մէջ չկայ այս սովորութիւնը, ամուսնացողը, մինչեւ ամուսնալուծում, չ՛երեւիր: Իմ չորրորդ տղաս չորս տարի է ամուսնացած է մեքսիքացի իր girl friend-ին հետ, ամիս մը առաջ, առաջին անգամ ըլլալով եկաւ տունս՝ իր 3 տարեկան աղջնակին հետ եւ «Divorce եղայ» ըսաւ:
Աղջնակը մեզի ձգեց ու գնաց: Կարեւոր հարցս, զոր քեզի կ՛ուզեմ տալ, հետեւեալն է. Հայ ընտանիքներու հանդէպ ունեցած իմ սէրս նախանձի փոխուեցաւ, մանաւանդ ազգային նախանձախնդրութեան, եւ քանի որ ամէն ինչ սկիզբ մը ունի, ես կ՛ուզեմ այդ սկիզբը գործադրողը ըլլալ: Քու միջամտութեամբ, այս թոռնուհիս կրնա՞մ հայկական դպրոց մը ղրկել…: «Please, mister Sakhar, see you later», ըսաւ ու գնաց:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Ինչպէս մեր զաւակները օրինակելի էին Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն մօտ, ուրեմն սկսան մեքսիքացիներուն ալ նախանձը շարժել…: Կեցցէ՛:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)