ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ, Օգոստոս 14ին պիտի բացուի «Էմիլ Գազազ. նոր ժամանակաշրջան» ցուցահանդէսը՝ ներկայացնելով ամերիկաբնակ քանդակագործ եւ նկարիչ Էմիլ Գազազի նոր գործերը: Ըստ «Airian Dome of Fine Art» հիմնադրամի տնօրէն, արուեստագէտի կողակից Մանէ Հայրեանին. արուեստագէտը Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը ունեցած է, երբ ցանկութիւն ունեցած է երկքաղաքացիութիւն ստանալու։ «Էմիլ Գազազը բազմաթիւ ցուցահանդէսներով հանդէս կու գայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, եւ երկքաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութեան ժամանակ, ան որոշեց այսուհետ ներկայանալ իբրեւ հայաստանցի արուեստագէտ», Օգոստոս 13ի ասուլիսին ընթացքին պարզաբանեց Մ. Հայրեան:
Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուին վերջին հինգ տարիներուն Գազազի հռչակ բերած գործերը՝ քանդակներ, իւղաներկ կտաւներ եւ գծանկարներ:
Ցուցադրութիւններուն ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ աշնան, իսկ յաջորդ տարի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, ՀՀ նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, պիտի կայանայ մեծ ցուցադրութիւն: Մինչ այդ «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ պիտի հաւաքուի անոր գործերուն մէկ մասը: Կը նախատեսուի նաեւ Գազազի ծննդավայր Գիւմրիի մէջ հիմնել տուն-թանգարան, իսկ Երեւանի մէջ՝ թանգարան: «Airian Dome of Fine Art» հիմնադրամը ստեղծած է նաեւ «Էմիլ Գազազ» գեղարուեստական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է հայկական արուեստը աշխարհի լաւագոյն ցուցահանդէսներուն մէջ ներկայացնել:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Մուրադեանի խօսքով, Է. Գազազը արուեստի մէջ այն անհատականութիւններէն է, որոնք իբրեւ արուեստագէտներ՝ մեծ ներդրում ունին ժամանակակից քանդակագործութեան մէջ: «Կարծում եմ՝ հայաստանեան հասարակութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերի ականաւոր արուեստագէտի գործերի նկատմամբ, մանաւանդ որ դրանցում արտայայտուած կերպով ուրուագծուած է հայկական լեռնաշխարհը, եւ որոնք մեծ հռչակ են բերել Էմիլ Գազազին», ըսած է ան:
Դ. Մուրադեան նաեւ յայտնած է, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի իրականացնէ Սփիւռքի մէջ գործող հայ արուեստագէտներու գործերուն հայաստանեան ցուցադրութիւններուն ծրագիրը, եւ յաջորդ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ ֆրանսաբնակ հանրայայտ նկարիչ Ռիշար Ժերանեանի գործերու ցուցահանդէսի կազմակերպումը Երեւանի մէջ: