ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վերջին օրերուն Ատրպեճանական «հաքըր»ներուն կողմէ իրականացուած «խիստ կազմակերպուած՝ միաժամանակ մի քանի երկրներից» քաղաքական բնոյթի յարձակումը հայկական քանի մը կայքէջերու վրայ, առիթ հանդիսացած է, որ ձեւաւորուի «Հայկական կայքերու անվտանգութեան խումբ», որուն մէջ ընդգրկուելու ցանկութիւն յայտնած է 75 մասնագէտ, լրագրող եւ սովորական մարդ։
Խումբը, իր քննարկումներուն ընթացքին, որոշած է մշակել ստուգող ցանկ մը, որուն պահանջներուն պէտք է համապատասխանեն կայքէջերը։
Ըստ Smart Systems ընկերութեան տնօրէն Ստեփան Ասլանեանի, արդիւնքները շօշափելի պիտի ըլլան շատ շուտով։ «Կայքը պէտք է անվտանգ լինի։ Անվտանգ լինելը ինչ որ գործողութիւնների հերթականութիւն է։ Մեր խնդիրն է քննարկել ու ֆիքսել (կարգաւորել-Խմբ.) այդ գործողութիւնների հերթականութիւնը եւ գտնել լուծում, որը մաքսիմալ արդիւնաւէտ ու օգտակար կը լինի», յայտնած է ընկերութեան տնօրէնը, Օգոստոս 13ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.