ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խ. Աբովեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Յովհաննէս Զատիկեանի հաւաստումով, Օգոստոսի վերջը պիտի կայանայ արեւելահայ նոր գրականութեան հիմնադիր Խաչատուր Աբովեանի 200ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը: Ըստ իրեն, ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովը արդէն յստակեցուցած է տօնակատարութիւններուն ծրագիրը, որոնք բազմաբովանդակ են։ Նշենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան 10 դպրոցներ, որոնք կը կրեն Խ. Աբովեանի անունը: Յ. Զատիկեանի խօսքով, իրենք շահագրգռուած են այդ դպրոցներուն ներկայացուցիչներուն մասնակից դարձնելու կայանալիք տօնակատարութիւններուն: «Դա կ՛օգնի աւելի լաւ ճանաչելու մեծ հայ Խաչատուր Աբովեանին», նշած է Յ. Զատիկեան:
Տօնակատարութիւններուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի Ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Հոկտեմբերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.