ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Աքշըն Մեհտիեւ վստահեցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչուող բանաձեւ մը պիտի դրուի ՄԱԿի 64րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ։ Ան միաժամանակ կ՛ընդունի, թէ այս հանգրուանին կանուխ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ որոշումի մը մասին խօսելու։
Աւելին, Մեհտիեւ կը յայտնէ, թէ «ՎՈՒԱՄի շրջանին մէջ երկարաձգուած տագնապներուն, նաեւ աշխարհին ու անոր ապահովութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելուն եւ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն մէջ կացութեան» վերաբերեալ բանաձեւեր պիտի ներկայացուին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին։