ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 20ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով կառավարութեան հակաճգնաժամային քաղաքականութեան՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, թէ խօսքերն ու արտայայտուած միտքերը բաւարար չեն ճգնաժամին դէմ պայքարելու համար։ Իր կարծիքով, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը բաւարար կերպով չէ ընկալուած Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։
«Երբ այսօր մենք տեսնում ենք իրականացուող քաղաքականութիւնը, ես կարող եմ գնահատել, որ բացարձակ այդ ուղղութեամբ քայլ չկայ: Արդիւնքում՝ մենք յայտարարում ենք, որ՝ «խրախուսում ենք համախառն առաջարկը, այն է՝ արտադրողներին, ծառայութիւններ մատուցողներին տալիս ենք որոշակի ֆինանսական միջոցներ», բայց դրան համարժէք՝ սպառողներն ունե՞ն արդեօք անհրաժեշտ եկամուտը, որպէսզի պահանջարկ ներկայացնեն: Այս ուղղութեամբ քայլ չի արւում: Այլ կերպ ասած՝ մեզ մօտ այս ուղղութեամբ կիսատպռատ քաղաքականութիւնը չի կարող երաշխաւորել արդիւնաւէտ առաջընթաց», յայտնած է պատգամաւորը:
Մեկնաբանելով Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները՝ ՀՅԴ պատգամաւորը յայտնած է, թէ այսօր, Երեւանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մակարդակով ձեւաւորուածը, խորքին մէջ ո՛չ մէկ կապ ունի Սահմանադրութեան հետ:
«Ընդամէնը վերահաստատուեց մոնոպոլ (մենաշնորհեալ-Խմբ.) տեղական ինքնակառավարման մի համակարգ, որը հաշուի չի առնում ո՛չ ժողովրդի ցանկութիւնը, ո՛չ հասարակութեան կարծիքը: Առաւել եւս, նախընտրական որեւէ խոստում իրականութիւն չդարձաւ»:
Ըստ պատգամաւորին, Երեւանի ամավարկի եւ ապագայ զարգացման ծրագրի ճշգրտումներ չեն եղած, եւ ընդհանրապէս, չկայ Երեւանի զարգացման ծրագիր, այլ կայ միայն ընկերային-տնտեսական զարգացման փաստաթուղթ մը, որ հաշուի չէ առած տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքները:
Ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցին, որ կը վերաբերի Յունիս 12ի հանրահաւաքին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համագործակցութեան կոչին՝ Արծուիկ Մինասեան ըսած է, թէ ներկայիս ՀՅԴ քաղաքական ծրագիրը (platform) մշակման եւ քննարկման փուլի մէջ է եւ հաւանական է, որ հրապարակուի Սեպտեմբերին: Պատգամաւորին հաւաստումով այնտեղ ներկայացուած են կուսակցութեան կողմէ կարեւոր համարուող հարցեր՝ ազգային, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ գնահատականներով: Ան յայտնած է, որ Գերագոյն մարմինը հանդէս պիտի գայ նաեւ յստակ ուղղութիւններով: Իսկ Արցախի անկախութեան օրը՝ Սեպտեմբեր 2ին, ՀՅԴ պիտի կազմակերպէ հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին դարձեալ պիտի ներկայացնէ կուսակցութեան դիրքորոշումը՝ Արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ:
Անդրադառնալով ՀԱԿ եւ Ժառանգութիւն խմբակցութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութեան՝ պատգամաւորը նշած է, որ իրենց համար ընդունելի է ազգային մտածողութիւն ունեցող ցանկացած մարդ, որուն համար արժէք կը ներկայացնեն հայ ազգի ամրացումը, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ հզօրացումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը: Ըստ իրեն, այսօր Հայաստանի մէջ կայ ազգային գաղափարախօսութեան պակաս, որուն փաստն է Արցախի շուրջ ընթացող ներազգային քննարկումներուն բովանդակութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ՝ հաւանակա՞ն է, որ երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը դրդէ ՀՅԴ հրապարակային ելոյթներ կազմակերպելուն, Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, թէ ցանկացած ուժ, որ իրեն ընկերային կամ ընկերվարական ուղղուածութեան ծրագիրներու ջատագով կը համարէ, նման պարագաներուն այդպիսի ալիք բարձրացնելու հնարաւորութիւն ունի: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը նաեւ ընդգծած է, որ իրենց խնդիրն է ոչ թէ թոյլ տալ, որ կառավարութիւնը «սխալի եւ ապա հարուածել», այլ՝ «փորձել կանխել, կառավարութեանը վերաուղղորդել ճշմարիտ քաղաքականութիւն»:
«Մեր երկրում կենսապահովման նուազագոյն պիւտճէն, վերջին հաշուարկների համաձայն, 48 հազար դրամի կարգի է: Եթէ սա հիմք հանդիսանայ նաեւ աղքատութեան գիծը որոշելիս, ինչը նաեւ կոալիցիոն կառավարութեան հիմնական կէտերից մէկն է, այդ դէպքում աղքատութեան մակարդակը մեր երկրում կը մօտենայ 50 տոկոսի: Իսկ միջին աշխատավարձը երկրում 98 հազար դրամ է: Պատկերացրէք՝ այս պայմաններում ինչպէ՞ս կարող է միջին խաւ ձեւաւորուել: Հետեւաբար, հրատապ ու տրամաբանական պահանջ է առաջանում, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատավարձի եւ եկամուտների բարձրացման քաղաքականութիւն իրականացնի: Ինչքա՛ն էլ կառավարութիւնը փորձի ջայլամի քաղաքականութիւն վարել՝ գլուխը կոխելով աւազի մէջ, ցուց չտալով, որ ինքը տեսնում է այդ ամէնը, բայց եթէ քաղաքացին չունի անհրաժեշտ եկամուտը, անհրաժեշտ նպաստը, անհրաժեշտ մեծութեան կենսաթոշակը, ապա հնարաւոր չէ յոյս դնել, որ այդ քաղաքացիները նաեւ արդար ընտրութիւն կը կազմակերպեն կամ կը կատարեն», ըսած է Արծուիկ Մինասեան: