ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հարաւային Օսեթիոյ մէջ Օգոստոս 2008ի ռուս-վրացական այսպէս կոչուած «Հնգօրեայ Պատերազմ»ը միջազգային համակարգի ուժերու հաւասարակշռութեան գործընթացին մէջ անկիւնադարձային իրադարձութիւն մը ըլլալու կոչուած էր: Պատերազմէն տարի մը անց սակայն, միջազգային դէտերը ընդհանրապէս այն համոզումը ունին, որ պատերազմը այնքան ալ մեծ փոփոխութիւն չբերաւ ոչ տարածաշրջանային, ոչ ալ համաշխարհային ոլորտին մէջ: Իրավիճակը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ պատերազմէն անմիջապէս առաջ տիրող կացութենէն այնքան ալ տարբեր չի թուիր: Ոչ դերակատարները փոխուած են, ոչ անոնց յաւակնութիւնները, ոչ ալ բարեկամ-դաշնակիցի ընդհանուր դինամիկան:
Վերջին երկու շաբաթներուն այս թեմայով լոյս տեսած եւ համացանցին վրայ շրջագայող գրեթէ բոլոր վերլուծումները մատնացոյց կ՛ընեն յետ- Օգոստոս 2008եան համաշխարհային իրադարձութիւնները, յատկապէս՝ Սեպտեմբերին ֆինանսական փլուզումը եւ նոյն տարուայ Նոյեմբերին ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատական Պարաք Օպամայի յաղթանակը: Երկու իրադարձութիւններն ալ միջազգային ուշադրութիւնը հեռացուցին Հարաւային Կովկասէն, ուր սակայն երեւութապէս շարունակուող սթաթուս քուօ-ն զերծ չմնաց նոր զարգացումներէ:
Այսպէս, մինչ ճիշդ է, որ այս պատերազմով Ռուսիա չյաջողեցաւ Վրաստանի մէջ Սահակաշվիլիի վարչակարգի փոփոխութեամբ, երկիրը կրկին իր ազդեցութեան գօտիին մէջ բերելու: Ոչ իսկ յաջողեցաւ տարհամոզել Թիֆլիսին, որ հրաժարի ՆԱԹՕի անդամագրութեան իր ծրագրէն: Այնուամենայնիւ, Հնգօրեայ Պատերազմը կասեցուց Արեւմտեան զինուորական դաշինքի ընդլայնումը դէպի Եւրասիա: Եւ թէեւ ոչ մէկ երաշխիք կայ որ այդ ընդլայնման կասեցումը ըլլայ մնայուն, Մոսկուա քիչ կասկած կը ձգէ որ պատրաստ է զինուորական բախումի ռիսկին երթալու: ԱՄՆի փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի այցելութիւնը Վրաստան բաւական յստակ պատգամ մը փոխանցեց ռուսերուն. Օպամա կրնայ հանդիպիլ Մետվետեւի հետ, խօսիլ կորիզային զինարշաւին վերջ տալու անհրաժեշտութեան մասին, բայց այդ չի նշանակեր որ Ուաշինկթըն պիտի հրաժարի զօրավիգ կանգնելէ ռուսական ազդեցութենէն ամբողջական կերպով դուրս գալու տրամադիր Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ: Ի պատասխան ԱՄՆի այդ կեցուածքին, վարչապետ Վլատիմիր Փութին այցելեց Մոսկուայի կողմէ ճանաչում գտած Աբխազիա ուր զինուորական խարիսխ հաստատելու ծրագրին մասին հրապարակային յայտարարութիւն ըրաւ:
Եւրասիոյ կովկասեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող Պաղ Պատերազմեան այս լարուածութիւնը բնականաբար մտահոգութիւն կը ստեղծէ նոյնինքն գլխաւոր դերակատարներուն մօտ: Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել որ այդ լարուածութիւնը պէտք է նաեւ ենթադրէ զսպուածութիւն, մագլցումի առաջքը առնելու նախանձախնդրութիւն, եւ անակնկալներէ խուսափելու տրամադրուածութիւն: Այդ իսկ պատճառով ե՛ւ Ուաշինկթընի, ե՛ւ Մոսկուայի շահերուն կը ծառայեն տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարներու շարունակումը, հիմնականին մէջ որովհետեւ անոնց ծանօթ են, գիտեն ինչպէ՛ս կը վերաբերին, մինչ իշխանութեան որեւէ ոչ-օրինական փոփոխութիւն կրնայ միակողմանիօրէն խախտել Պաղ Պատերազմի տրամաբանութեամբ կառուցուած ե՛ւ լարուածութեան, ե՛ւ անոր սահմափակման այս «Մեծ Խաղի»ն լուռ օրէնքը: Այլապէս, այլուր այնքան շատ չեն պետական այն անձնաւորութիւնները, որոնք պատերազմի աւարտին պարտուելէ յետոյ շարունակեն իշխանութեան գլուխ մնալ… Անշուշտ, տկարացած եւ այլընտրանքային ծրագիր ներկայացնելու անկարող ընդդիմութիւնը իր դերը ունի դեմոկրատական վաւերագիր ունեցող ամբողջատէր վերնախաւի իշխանութեան շարունակումին: Այս վերջինը, հետեւաբար, իր իրաւականութիւնը յատկապէս պիտի փնտռէ աւելի իր արտաքին հովանաւորներուն քան իր սեփական ժողովուրդին մօտ:
Հայաստանի համար Հնգօրեայ Պատերազմին յաջորդած հանգրուանին ուրուագծուած համակարգային երկարատեւ փոփոխութիւններու ամենաանմիջական ազդեցութիւնները աւելի քան զգալի են: Ի մասնաւորի պատերազմի արդիւնքով տարածաշրջանէն ներս Ռուսիոյ հաւանութեամբ թրքական ազդեցութեան յաւելման հետեւանքով: Այդ ազդեցութեան ընդլայնման ներհակ է Անգարայի կողմէ Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումը՝ ի խնդիր Արցախի հարցին յօգուտ Ատրպէյճանի լուծման: Կացութեան դառն հեգնանքն այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, կոնկրետ՝ Նախագահ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը», պատճառ են այն կացութեան ուր կը գտնուի երկիրն ու ժողովուրդը: Նախքան պատերազմն ու ռուս-թրքական մերձեցումը, Հայաստանի Նախագահը արդէն դիւրացուցած էր թրքական դէպի կովկասեան բեմահարթակ ներթափանցումը: Օրին կառավարութեան քարոզչութիւնը ուզեց հայկական հանրային կարծիքին համոզել, որ Հայաստան պէտք էր բաց սահման ունենար Թուրքիոյ հետ, այլապէս կրնար ամբողջական կերպով մեկուսացուիլ աշխարհէն: Անցնող մէկ տարին ցոյց տուաւ, որ հայ-թրքական սահմանը չէր կրնար առանց նախապայմանի բացուիլ: Եւ նոյնիսկ եթէ այն բացուի, առեւտրական այն փոխանակումը որուն վրայ այնքան մեծ յոյսեր դրած են Հայաստանի նէօլիբերալ տնտեսագէտները, պիտի չըլլայ փոխ-շահաւէտութեան եւ յաղթող-յաղթողի անուրջին տրամաբանութեամբ, որովհետեւ Հայաստան պատրաստ չէ իր տնտեսութիւնը լաւապէս պաշտպանած Թուրքիոյ հետ մրցակցելու:
Եւ հիմա կացութիւնը սառած է մինչեւ Հոկտեմբեր 14, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի խումբերը կրկին պիտի մրցին իրարու դէմ, այս անգամ Թուրքիոյ մէջ, եւ Նախագահ Սարգսեան պէտք է որոշում կայացնէ Թուրքիա այցելելու մասին: Սարգսեան կարծես ա՛յդ թուականը դրած է որպէս կէտ-նպատակ՝ դրացի երկրին հետ յաբարերութիւններու բնականոնացման նախաձեռնութեա՛ն ճակատագիրը որոշելու համար: Գրեթէ երկու ամիս, որուն ընթացքին պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ամբողջ տրամաբանութիւնը: Այդուհանդերձ, նման նախանձախնդրութիւն կարծես չկայ Հայաստանի մէջ: Ընդդիմութիւնը կրկին հրապարակ ելած է իշխանութեան փոփոխութեան ծրագրով եւ կը պահանջէ Սարգսեանի հրաժարականը: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բանբեր Դաւիթ Շահնազարեան թրքական օրաթերթին կÿարտայայտուի այն մասին, որ Հայաստանի Նախագահը սխալ կը գործէ եթէ չփոխադարձէ այցելութիւնը: Այլ խօսքով, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած շարժումն ալ հարցականի տակ չի դներ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ներկայ գործընթացը:
Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ այդ օր թրքական կառավարութիւնը որոշում առնէ եւ սահմանները բանայ, արդե՞օք այնքան դժուար պիտի ըլլայ մրցումէն եւ Հայաստանի Նախագահի փրոթոքոլային այցելութենէն յետոյ սահմանը նորէն փակել… Անհրաժեշտ է ամբողջ նախաձեռնութիւնը արմատական վերատեսութեան ենթարկել, եւ որոշում կայացնել որ հայութեան ու Հայաստանի ապագային համար այնքան կենսական խնդրի մը շուրջ, որեւէ առաջարկի ու ծրագրի գործադրութեան համար նախ եւ առաջ համազգային համախոհութիւն պէտք է գոյանայ: