ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիան Եուկոսլաւիոյ չի նմանիր, կ՛ըսէ Ռիչըրտ Հալպրուք՝ փորձելով ցրուել թրքական ընդդիմադիր ու արմատական ուժերուն մտահոգութիւնը, թէ՝ քիւրտերու հանդէպ Կիւլի եւ Էրտողանի բարենորոգման ծրագիրը ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ Թուրքիոյ բաժանման:
«Նմանութիւն չկայ նախկին Եուկոսլաւիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ: Նախկին Եուկոսլաւիան կազմուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, քարտէս գծող մարդոց կողմէ: Անոնք մէկտեղեցին բազմաթիւ տարբեր ժողովուրդներ: Թուրքիան, որ մեծ երկիր է, ստեղծուեցաւ իր նախկինին մշակոյթին հիման վրայ, Մուսթաֆա Քեմալի յղացումով: Նմանութիւն չկայ անոնց միջեւ», յայտարարած է Եուկոսլաւիոյ կազմալուծման դերակատարներէն Հալպրուք:
Դիւանագէտներու բանաձեւումները եւ պատկերացումները կը կազմուին ըստ յարմարութեան, իրենց ներկայացուցած քաղաքական ուժերու շահերուն ծառայելու համար միայն:
Օսմանեան կայսրութեան կազմաւորման ու անոր օրինական ժառանգի՝ արդի Թուրքիոյ, ստեղծման պայմանները այնքա՛ն անմեղօրէն ներկայացնող ամերիկացի դիւանագէտը նպատակայարմարօրէն կը զանցէ օսմանեան բռնագրաւման տակ գտնուող հայկական տարածքներէն ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջման փաստը՝ իբրեւ նոր Թուրքիոյ ստեղծման նախադրեալ:
Ուղղակի Թուրքիան չկրցաւ, ժամանակ չգտաւ յաջորդ տրամաբանական քայլը առնելու, նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը գործադրելու քիւրտերուն դէմ: Անոնց դէմ գործադրուեցաւ մշակութային բռնի ձուլման ենթարկելու քաղաքականութիւնը, որ փաստօրէն ձախողեցաւ ու Թուրքիան հասցուց այսօրուան վիճակին, ուր հարկադրաբար քիւրտերուն հանդէպ քաղաքականութիւնը կը վերանայ՝ անոր տալով համեմատաբար աւելի մարդկային կերպարանք՝ արտաքնապէս:
Ինչպէս անցեալին հաստատած ենք, անգամ մը եւս կը կրկնենք, ի հեճուկս Հալպրուքի՝ Թուրքիան չի կրնար խուսափիլ Եուկոսլաւիոյ վիճակին մատնուելու ճակատագրէն. ի վերջոյ ան պիտի դիմագրաւէ կոտորակուելու սպառնալիքը: Պարզապէս, գործընթացը կրնայ երկար տեւել կամ տարբեր ուղղութեամբ շարժիլ՝ գոնէ այդ ձեւով տարբերելով Եուկոսլաւիայէն: