ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 4ին Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան բացումը կատարած է «LOGOS EXPO Center» ընկերութեան եւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան կողմէ իրականացող «ARMENIA EXPO 2009» իններորդ համաշխարհային տարածաշրջանային առեւտրա-արդիւնաբերական ցուցահանդէսին, որ կը կայանայ Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, եւ կը տեւէ մինչեւ Սեպտեմբեր 6։
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, վարչապետը կարեւոր համարած է աւանդական դարձած սոյն ցուցահանդէսին իրականացումը եւ նշած. «Նման միջոցառումներ, մեր համոզմամբ, ստեղծում են լաւ նախադրեալներ՝ միասին յաղթահարելու այսօր առկայ բոլոր դժուարութիւնները: Չափազանց կարեւոր է այն հանգամանքը, որ շուրջ 150 կազմակերպութիւն՝ 9 երկրից, մասնակցում է այս միջոցառմանը, ինչը նշանակում է, որ մարդիկ եկել են այստեղ ծրագրերով, ունեն ներկայացնելու ծառայութիւններ, ապրանքներ, արտադրութեան իրենց կարողութիւնները, միեւնոյն ժամանակ նոր գործընկերներ գտնելու եւ շուկաներ ընդլայնելու ցանկութիւն: Մենք աջակցում ենք նման միջոցառումների իրականացման Հայաստանում՝ քաջ գիտակցելով, որ պիզնէսի միջավայրի ձեւաւորման առումով նման ձեռնարկումներ ունեն էական նշանակութիւն»:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին Հայաստանի, Լեռանային Ղարաբաղի, Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Իրանի, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու, Գերմանիոյ, Վրաստանի եւ Չինաստանի աւելի քան 150 կազմակերպութիւն, ընկերութիւն եւ միութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.