ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար, կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեանի կատարած յայտարարութեան համաձայն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերուն շուրջ Հայաստանի ընդունած սկզբունքային որոշումներէն հրաժարելու որեւէ միտում չկայ: «Անհրաժեշտ է նաեւ աշխատել հասարակութեան հետ, որպէսզի ժողովուրդը կարողանայ իր վստահութեամբ աջակցել գործընթացին», նշած է ան իր յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Սահակեանի, որեւէ պետութիւն, որ շահեր ունի տարածաշրջանին մէջ, մասնակից կը դառնայ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, անոր կարծիքով, որոշակի կայունութիւն պիտի ապահովեն նաեւ Հարաւային Կովկասին մէջ:
«Բոլոր երկրները, թերեւս բացի Ատրպէյճանից, նաեւ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները ողջունում են Հայաստանի նախաձեռնութիւնը՝ առանց նախապայմանների յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիայի հետ», յայտնած է ան: Պատգամաւորը համոզուած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման փաստաթուղթը, երբ ներկայացուի խորհրդարանի եւ քաղաքական ուժերու քննարկման, վերջիններս պիտի վաւերացնեն զայն:
Ըստ անոր, պէտք է գոհացնել եւրոպական կառոյցներուն պահանջքը, որ կապուած է փակ սահմաններ չունենալուն հետ։ «Մենք դա ընդունում ենք եւ պատրաստ ենք գնալ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման առանց նախապայմանների, առանց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրների արծարծման», ըսած է ՀՀԿ փոխնախագահը՝ համոզուած, որ քննարկումներուն շուրջ «աժիոտաժ» (անհանգստութին-Խմբ.) յառաջացնողները ըսելիք չունեցող քաղաքական ուժերն են:
Պատգամաւորը հաւաստած է, որ Հայաստան Ցեղասպանութեան պատմական փաստին վերաբերեալ քննարկումներ պիտի չկատարէ: Անոր համոզումով, ինչպէս աշխարհի շատ երկիրներ, ԱՄՆի աւելի քան չորս տասնեակ նահանգներ, նաեւ թուրքեր ընդունած են Ցեղասպանութեան փաստը, բայց պարզապէս կը փորձեն այլ անուանում մը տալ անոր:
Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան խնդիրը կարելի չէ կապել իրարու, նշած է Գ. Սահակեան՝ համոզուած ըլլալով, որ անոնք անջատ հարցեր են: «Ես չեմ էլ ուզում քննարկել տնտեսական կապեր ունենալ-չունենալու հարցը: Ինձ համար սահմանի բացումը ճանապարհների բացում է, որպէսզի մենք մեր ապրանքների արտահանման հարցում խնդիրներ չունենանք, ինչպէս դա յաճախ պատահում է Վրաստանում առաջացող անկայունութեան պատճառով: Այդ հարցն է, որ պէտք է ուշադրութեան արժանանայ», յայտնած է Գ. Սահակեան:
Վերջապէս, պատասխանելով Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու մասին լրագրողի հարցումին՝ Գ. Սահակեան ընդգծած է, թէ որեւէ ուժ չի կրնար ճնշում գործադրել Սերժ Սարգսեանին վրայ, եւ թէ անոր հրաժարականի մասին խօսակցութիւնները սին երազանքներ են, իշխանատենչութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.