ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլէնտէյլի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Յովակիմ եւ Իվոն Կիւվլէքճեաններու զաւակները, իրենց ծնողաց յիշատակին համար քսան հինգ հազար տոլար նուիրեցին Կլէնտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին՝ հովանաւորելով Հայ մշակութային հիմնարկութեան գրասենեակը:
Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլէնտէյլի մասնաճիւղի նախագահ Վահէ Պօզոյեան յայտնելով լուրը՝ յայտարարեց, թէ «Երիտասարդական կեդրոնի աշխատանքներու սկսման շրջանին, Կիւվլէքճեան ընտանիքի այս նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ կեդրոնի աշխատանքներու աշխուժացման: Կեդրոնէն օգտուող սերունդները միշտ երախտիքով ու յարգանքով պիտի յիշեն Յովակիմ եւ Իվոն Կիւվլէքճեաններու յիշատակը»: