ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին յայտնեց, թէ Վրաստանի ներկայ ղեկավարութեան օրերուն ռուս-վրացական յարաբերութիւնները բարելաւելու հաւանականութիւն չի տեսներ: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Վալտա» բանավիճային ակումբի մասնակիցներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ վրացական ներկայ ղեկավարութեան օրօք Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը հաւանական կը գտէ՞:
«Եթէ խօսելու ըլլանք ապագայ կառավարութեան մը մասին, ուր (Վրաստանի նախագահ Միխայէլ) Սահակաշվիլին չկայ, վստահաբար հնարաւորութիւն կայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը: