ԿՐՈԶՆԻ, «Ռոյթըրզ».- Հարաւային Ռուսիոյ Չէչէնիա շրջանի մայրաքաղաքին մէջ ոստիկանական ինքնաշարժի մը դէմ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին տեղի ունեցած անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանքով, վիրաւորուեցան վեց ոստիկաններ եւ քաղաքայիններ:
Ռուսական լրատու գործակալութիւններ պայթումէն վնասուած անձերու մասին հակասական տեղեկութիւններ փոխանցեցին, սակայն տեղական պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ զոհեր չեն արձանագրուած։ Չէչէնիոյ ներքին գործոց նախարար Ռուսլան Ալխանով դէպքին վայրէն յայտնեց. «Ես պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ պայթումին պատճառով զոհեր չկան։ Երկու չէչէն ոստիկաններ եւ չորս քաղաքայիններ վիրաւորուած են»։
Ականատէս մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երիտասարդ կին մը մօտեցած է ոստիկանական ինքնաշարժին եւ ինքզինք պայթեցուցած։ Ուրիշներ ըսին, թէ պայթումին ժամանակ ինքնաշարժին մէջ երեք ոստիկաններ կային։
Ռուսիա 1990ական թուականներուն չէչէն անջատողականներու դէմ երկու պատերազմներ մղած էր։ Վերջին ամիսներուն իսլամական զինեալներու կողմէ ապահովական ուժերու եւ տեղական ղեկավար դէմքերու դէմ յարձակումներու շարք մը խախտած են քանի մը տարուան յարաբերական հանդարտութիւնը եւ հիւսիսային Կովկասի շրջանին վրայ Քրեմլինի վերահսկողութեան շուրջ հարցականներ յառաջացուցած են։
Հիւսիսային Կովկասի տարածքին ղեկավարներ անցեալ ամիս Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ին զգուշացուցին, թէ իրենք կը պայքարին՝ հակակշռելու համար իսլամական ըմբոստութիւն մը, որ ներթափանցած է ընկերութեան բոլոր շրջանակներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.