Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի ունեցաւ հանրաճանաչ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Թէքէեան Վահան Աստուածախո՛յզը» նոր հրատարակուած հատորին ողջունահանդէսը՝ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ:
Հատորը ներկայացուց գլխաւոր բանախօս Մարզպետ Մարկոսեանը: Ելոյթներ ունեցան նաեւ Վաչէ Սեմերճեանը եւ Բարսեղ Գարթալեանը: Հանդիսավարն էր Լորա Գոյումճեան:
Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան սրբազան հօր օրհնութիւններն ու սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց Ժագ Յակոբեանին եւ շնորհաւորեց նոր հատորին հրատարակութիւնը: