Խաչի Վերացման տօնը, զոր միւս եկեղեցիները կը տօնեն Սեպտեմբեր 14ին, Հայ եկեղեցին զայն կը տօնէ անոր մերձաւոր Կիրակիին, այսինքն՝ Սեպտեմբեր 11-17ի միջեւ։
Խաչի վերացման տօնը պատմական դէպքի մը պանծացումն է ինքնին։ Եկեղեցական տարեգրութեանց մէջ պատմականացած աւանդութեան մը համաձայն, խաչը երեք առիթներով հանդիսաւորապէս բարձրացուած է ի տես հաւատացելոց։ Նախ, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս Տեառնեղբայրը, Քրիստոսի խաչին նմանութիւնը ժողովուրդին ցուցադրած ատեն երգած է «Խաչի քո Քրիստոս, երկիրպագանեմք…» սրտառուչ տաղը։ Կ՛ըսենք նմանութիւնը, որովհետեւ այդ միջոցին, երբ հրեաներու կողմէ քրիստոնեաներու դէմ մղուած բուռն հալածանքներուն պատճառաւ Խաչեալին անունն իսկ զգուշութեամբ եւ երկիւղով կ՛արտասանէին հաւատացեալները, հնար չէր բուն խաչափայտը հանել Գողգոթայի աղբիւսներէն, ուր առաջին օրէն թողուեցաւ ան, եւ հրապարակային պատիւներու առարկայ դարձնել։ Այս աւանդութիւնը առաւել եւս ցոյց կու տայ, թէ խաչին գաղափարը եւ խորհուրդը առաջին իսկ օրէն որքան մեծարելի դարձած էր քրիստոնեաներուն մօտ։
Խաչին հանդիսաւոր բարձրացման եւ հրապարակային փառաւորութեան առաջին պատեհութիւնը ընծայուեցաւ Խաչափայտին գիւտով, Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէի ձեռամբ, 326ին։ Յուդա անուն երուսաղէմցի իրազեկ հրեայ մը Հեղինէ թագուհիին ցոյց տուաւ Խաչափայտին թաքցուած տեղը։ Այնտեղ գտնուեցան երեք խաչեր, որոնցմէ մին Փրկչականը պիտի ըլլար, իսկ միւս երկուքը՝ երկու աւազակներունը։ Ստուգելու համար ատիկա, մեռած պատանիի մը դին մօտեցուցին երեք խաչերուն եւ երբ մեռած պատանին անոնցմէ վերջինին հպումով յարութիւն առաւ՝ ի յայտ եկաւ իսկական Տէրունի խաչափայտը։ Այդ ատեն, Կիւրեղ եպիսկոպոս, որ Երուսաղէմի հայրապետն էր, բարձրացուց զայն ի տես հաւատացելոց, որոնք երկիւղածութեամբ երկրպագեցին անոր։ Այս եղելութեան պատմական յիշատակն է, որ կը կատարուի Հոկտեմբեր 26ի մերձաւոր )Հոկտեմրբեր 23-29( Կիրակի օրը, Գիւտ Խաչ անուան ներքեւ, իսկ բարձրացման եւ փառաւորման իմաստը խառնուած է բուն Խաչվերացի տօնին հետ։
Վերջապէս, խաչին փառաւորեալ բարձրացման երրորդ եւ մեծագոյն առիթը եղած է անոր գերեդարձը։ Խոսրով Պարսից թագաւորը, յունաց դէմ իր պատերազմին մէջ, 610ին, յաղթելով Հերակլ կայսեր, Երուսաղէմն ալ գրաւելով՝ խաչափայտը գերի տարաւ Պարսկաստան )614(։ Հերակլ զօրաժողով ըրաւ եւ մեծ բանակով քալեց Պարսից վրայ. բանակին հայկական գունդին զօրավարն էր Մժէժ Գնունի, որուն միացան Պարսից հպատակ հայերը եւս։ Խոսրով չարաչար յաղթուեցաւ, եւ սպաննուեցաւ իր Կաւատ Շիրօ որդիէն, որ նոյնպէս յաջորդ տարին մեռնելով՝ իրեն յաջորդեց իր փեսան՝ Խոռեամ՝ Հերակլի օգնութեամբ, որ պայման դրած էր խաչափայտին ազատումը։ Այդ պայմանը ընդունուած ըլլալով՝ 629ին խաչը վերադարձուեցաւ քրիստոնեաներուն. Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս եւ յետոյ մինչեւ Երուսաղէմ աննկարագրելի ոգեւորութեան պատճառ եղաւ Խաչափայտին յաղթական գերեդարձը։ Ամէն տեղ բարձրացուեցաւ անիկա հաւատացեալներուն ի մխիթարութիւն՝ առարկայ դառնալով բոլորին երկիւղած պաշտելութեան։
Կարելի է թերեւս ըսել, թէ վերացումի այս պարագան էր նոյնիսկ որ պատճառ տուաւ Խաչվերացի տօնին, զոր այդ դէպքերէն ետք՝ յոյները սկսան տօնել Սեպտեմբեր 14ին։
Խաչվերացի տօնը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի մեր եկեղեցիին մէջ: Խաչվերացի տօնը Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը ըլլալով, միւսներուն նման ունի եօթնեակ պահքի օրեր )Երկուաշբթիէն Ուրբաթ(։ Ունի նաեւ՝ իր նաւակատիքը, մեռելոցի օրը )Երկուշաբթի( եւ եօթնօրէքը, որուն Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, ինչպէս նաեւ Նաւակատիքի Շաբաթ օրը Եկեղեցւոյ տօն կը կատարուի, որովհետեւ Խաչի եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդները էապէս մեծ տարբերութիւն մը չունին իրարմէ, քանի որ երկուքն ալ կը վերաբերին փրկագործութեան գաղափարին։
Քաղուած՝ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Սուրբք եւ Տօնք» գիրքէն
***
Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին, 2009, Հայց. առաք. եկեղեցին յիշատակեց Խաչվերաց տօնը։ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն փութացած էին եկեղեցի՝ հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով եւ լսելու հայր սուրբին քարոզը։
Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ, Խաչվերացի տօնին բացատրութիւնը տալէ ետք շեշտեց այն ճշմարտութիւնը, թէ խաչը, որ նախապէս մահապատիժի ու անարգանքի գործիք էր, քրիստոնեաներուս համար դարձաւ պարծանքի առարկայ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գաղատացիս 6.14)։
Հայր սուրբը մեր հայրերէն մէջբերելով՝ բացատրեց այն, թէ Ս. Խաչը չորս անկիւն ունի. խաչին վարի բաժինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի տարած յաղթանակը դժոխքին ու չարին վրայ։ Վերի կողմը՝ երկինք բարձրացումը, որովհետեւ Խաչը աշխարհը երկինքին կապող կամուրջն է։ Աջ թեւը՝ Քրիստոսի կողմէ հաւատացեալներուն բաշխուող օրհնութիւնները, իսկ ձախ թեւը՝ ազդարարութիւն դեւերուն եւ անօրէններուն։
Մենք խաչին ընդմէջէն Խաչեալն է որ կը պաշտենք, ըսաւ հայր սուրբը։ Քրիստոսի խաչին թեւերը միշտ բաց են, եւ ատիկա կը նշանակէ Քրիստոսի՝ մարդոց հանդէպ ունեցած անսահման սէրը, Անոր հրաւէրը՝ մեղքերէ մեզ մաքրելու եւ Անոր սպասումը՝ իրե՛ն երթալու եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու։ Տէրը իր շնորհքն ու ողորմութիւնը կը տարածէ բոլոր աշխարհին՝ Խաչին ճամբով։
Ակնարկելով Խոսրով Պարսից թագաւորին, որ Խաչափայտը գերի վերցուց՝ հայր սուրբը ըսաւ, որ այսօր Խոսրովներ չկան, որ խաչափայտը գերի առնեն, սակայն աներեւոյթ խոսրովներ կան, աշխարհէն եկած հաճոյքներ, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակները գերին կը դարձնեն մեղքին, թմրամոլութեան եւ այլ մոլութեանց։ Խաչեալին հաւատալո՛վ է, որ մենք կրնանք ազատիլ ու փրկուիլ այդպիսի մոլութիւններէ։ Արդ, Ս. Խաչին տօնը բոլորիս համար արթնութեան կոչ կ՛ուղղէ, որ մենք մեր ընտանիքներն ու մեր անձերը խոնարհեցնենք Խաչին զօրութեան դիմաց եւ խնդրենք Խաչեալէն՝ աղօթելով. «Քու Խաչդ մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէ՜ր Յիսուս, երբ Քու Հօրդ փառքովը երեւիս լուսաւոր ամպերու վրայ։ Այդ ժամանակ՝ չըլլայ որ մենք՝ Քեզի յուսացողներս ամօթով մնանք, այլ Քու զօրութեամբդ մեծապէս ուրախանանք Քու Աջիդ կանգնելով՝ իբրեւ լոյսի ու ցերեկի որդիներ։ Ամէն»:
***
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին բացումը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ նոր աշակերտներու արձանագրութիւն եւ Կիրակնօրեայ վարժարանը սկսաւ իր նոր տարեշրջանը։
Կոչ կ՛ուղղենք ծնողներուն, որ իրենց զաւակները առաջնորդեն Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի փոքր տարիքէն գիտնան Աստուծոյ ճամբան եւ անկէ քալեն առանց խոտորելու։