ՊՈԼԻՍ.- «Միլլիյէթ» թերթը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին կը գրէ, թէ Թուրքիոյ հայկական հաստատութիւնները Վագըֆներու շրջանային տնօրէնութեան 262 դիմում կատարած են՝ ետ պահանջելու համար պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կալուածները։ Հետաքրքրական է, որ Տիարպէքիրի մէջ 29 թաղամասերու մէջ 190 կալուածներու առնչութեամբ դիմում կատարուած է։ Պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կալուածները ետ պահանջելու հարցին մէջ դիմում կատարելու ժամկէտը աւարտեցաւ Օգոստոս 27ին։ Դիմում կատարած հայկական հաստատութիւններուն թիւը 30 է։
Կալուածային հասարակաց յանձնախումբի ատենապետ Եդեսիա Թըրթըր այս մասին բացատրութիւններ տուած է «Միլլիյէթ»ի թղթակիցին։ Յանձնախումբը 16 հաստատութիւններու անունով 162 դիմում կատարած է։ Ատկէ բացի ուրիշ հաստատութիւններ ալ, որոնք այս յանձնախումբին օժանդակութիւնը չեն ուզած, 100 թղթածրար յանձնած են պատկան իշխանութիւններու՝ ընդհանուր գումարը բարձրացնելով 262ի։
Թըրթըր ըսաւ, որ Տիարպէքիրի մէջ 29 թաղամասերու մէջ 190 կալուածներու համար դիմում կատարուած են։ «Դիմումները կատարուեցան թաղերու հիման վրայ, որովհետեւ կալուածներուն մասին փաստաթուղթեր գոյութիւն չունին։ Արձանագրութեան հայկական տոմարները թրքերէնի թարգմանուեցան։ Դժբախտաբար կալուածներու արձանագրութեան տետրակէն ուրիշ բան չէ մնացած իրենց ձեռքերուն մէջ։ Կը կարծեմ որ ասոնցմէ շատեր դատավարութեան նիւթ պիտի դառնան», կ՛ըսէ Թըրթըր։
Գալով դիմում կատարելու ժամկէտին, Թըրթըր դիտել տուաւ, որ իրենց իրաւունքները չեն կորսնցուցած այն հաստատութիւնները, որոնք այս ժամանակամիջոցին ընթացքին դիմում չեն կատարած, որովհետեւ դատ բանալու իրաւունքը միշտ առկայ է։ Ըստ անոր, Ոեւէ հաստատութիւն, որ այս պահուն նմանօրինակ հարց մը չունենալով՝ դիմում չէ կատարած, եթէ ապագային անդրադառնայ, որ այս կամ այն կալուածը ունէր, միշտ պիտի կարենայ դատ բանալ ու պահանջել իր իրաւունքը։