2008-2009 կրթական տարեշրջանին, ՀՕՄի զանազան միաւորներն ու ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը աւելի քան 500,000 տոլարի յատկացումներ կատարած են հայրենի տարածքներու եւ արտերկրի մէջ կրթական նպատակներու համար։
«ՀՕՄը միշտ առաջնահերթ կարեւորութիւն տուած է նորահաս սերունդներու կրթութեան։ Այս ծիրին մէջ ՀՕՄի զանազան երկիրներու մէջ գործող միաւորները, իւրաքանչիւրը իր շրջանի կարիքներուն ու ՀՕՄի միաւորի կարողութեան համաձայն, առաւելագոյն ներդրումը կը փորձէ կատարել կրթական ծրագիրներու գծով», հաստատեց ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան «Երեմեան» կրթաթոշակի պատասխանատու Մայտա Մելքոնեանը։ «Տասնամեակներ շարունակ, սփիւռքեան զանազան շրջաններու մէջ կրթական գործին նեցուկ կանգնելու մեր առաքելութեան կողքին, պարտք կը զգանք նոյնօրինակ նախաձեռնութիւններ ստանձնել Հայաստանի, սակայն յատկապէս Արցախի ու æաւախքի մէջ», աւելցուց Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը, որ վերջերս վերադարձած էր æաւախքէն՝ իրեն հետ բերելով ՀՕՄի առաջին՝ «Սօսէ» մանկապարտէզի հիմնադրութեան նախնական տուեալները։
ՀՕՄը կրթական նպաստներ կը յատկացնէ քանի մը մակարդակի վրայ. համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակներ, կրթական հաստատութիւններու ուղղակի յատկացումներ, նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ ՀՕՄի միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններու հովանաւորութիւն։ Այս ծիրին մէջ է, որ 2008-2009 տարեշրջանին, ՀՕՄի Հարաւային Ամերիկայի միաւորը՝ 3000 տոլար, Արեւելեան Ամերիկայի միաւորը 59,450 տոլար, Արեւմտեան Ամերիկայի միաւորը՝ 78,000 տոլար, Քանատայի միաւորը՝ 141,600 տոլար, Ֆրանսայի միաւորը՝ 104,000 տոլար, Լիբանանի միաւորը՝ 61,133 տոլար, Սուրիոյ միաւորը՝ 29,465 տոլար, Յորդանանի միաւորը՝ 3265 տոլար, Երուսաղէմի միաւորը՝ 1000 տոլար, Կիպրոսի միաւորը՝ 3770 տոլար, Յունաստանի Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ միաւորը՝ 1425 տոլար, Մեծն Բրիտանիոյ միաւորը՝ 1611 տոլար, իսկ Աւստրալիոյ միաւորը՝ 2000 տոլար յատկացուցած են կրթական ծրագիրներու։ Նոյնօրինակ կանոնաւոր յատկացումներ կը կատարեն նաեւ Յունաստանի Աթէնքի, Քուէյթի, Պուլկարիոյ եւ ՀՕՄի այլ միաւորներ։
«Համահայկական մակարդակի վրայ կատարուող այս յատկացումներուն կու գայ աւելնալու ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան տնօրինման ենթակայ «Երեմեան» կրթաթոշակը», յայտնեց Կեդր. վարչութեան անդամ Մայտա Մելքոնեան։ «Հակառակ անոր, որ «Երեմեան» կրթաթոշակի ֆոնտը այս տարի հասոյթ չէր ապահոված, սակայն նախորդ տարիներու խնայողութիւններէն, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը այս տարի 11,400 ամերիկեան տոլարի կրթաթոշակներ տրամադրեց արտերկրի զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 19 համալսարանական ուսանողներու», եզրափակեց ան։
Կ՛արժէ նշել, որ ուսանողներու իբրեւ կրթաթոշակ կամ հայկական վարժարաններու տրամադրուող այս յատկացումներէն բացի, ՀՕՄը Արցախի մէջ կը հովանաւորէ «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ «Որբերու Ուսման Ծրագիր»ը։ Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան շնորհիւ ՀՕՄի միաւորներու եւ անհատ հովանաւորներու նուիրատուութիւններուն։ «Կոչ կ՛ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն իրենց նուիրատուութիւններով օժանդակելու մեզի, որ շարունակենք նեցուկ կանգնիլ հայ դպրոցին ու հայ համալսարանականին», յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Միւրիէլ Բարսեղեան։ «Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել նաեւ համացանցի ճամբով, այցելելով մեր կայքէջը՝ www.ars1910.org», եզրակացուց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.