ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի խօսքերով, թէեւ տարբեր կողմերէն փորձ կը կատարուի նսեմացնելու հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ Դաշնակցութեան պայքարը, սակայն հանրութիւնը հետզհետէ աւելի կ՛աշխուժանայ:
«Դաշնակցութեան տեսակէտը յստակ է եւ փոփոխութիւնների փաթեթում նշուած: Այն, ինչ այսօր ներկայացուել է, նպատակ ունի, բարելաւելու փաստաթուղթը այն աստիճանի, որ ապագայ սերունդներին պայքարը շարունակելու հնարաւորութիւն տրուի: Մեր պայքարը, ըստ էութեան, ուղղուած է ոչ թէ անձի դէմ, ոչ թէ այս կամ այն պաշտօնը վարկաբեկելուն, այլ՝ երկրին ու ժողովրդին սպառնացող վտանգները կանխելուն», նշած է Արծուիկ Մինասեան, Սեպտեմբեր 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, եւ անգամ մը եւս անդրադարձած՝ բազմիցս չարչրկուած այն հարցին, թէ՝ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը չի պահանջեր նախագահին հրաժարականը, իմանալով, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ մենաշնորհը նախագահինն է. «Եթէ նախագահն ուզում է փոխել ուղեգիծը՝ մենք հնարաւորութիւն ենք տալիս նրան, այնպէս, ինչպէս Թուրքիան փոխեց արտգործնախարար Ալի Պապաճանին: Գտնուելով այս փուլում՝ ցանկանում ենք ամէն գնով ասել՝ յարգարժա՛ն նախագահ, կուրսդ անհրաժեշտ է փոխել», մեկնաբանած է Մինասեան:
Պատգամաւորին խօսքերով, հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելէ խուսափելու միակ տարբերակը նախագահին հրաժարականը չէ, սակայն օրէնքով նախատեսուած պայքարի բոլոր միջոցները սպառելու պարագային, Դաշնակցութիւնը պիտի օգտուի նաեւ այդ միջոցէն:
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ առաջ քաշուած երկրորդ նախապայմանին՝ ԼՂՀ կարգաւորման հարցին շուրջ՝ Ա. Մինասեան արձանագրած է մեր պետութեան ղեկավարներուն գրանցած զգալի նահանջը: «Մենք Ղարաբաղի հարցում ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը համարում էինք միակ սկզբունքը: Հետագայում առաջ քաշուեց եւ դրան համատեղ դրուեց նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Այս փաստաթղթերում արդէն ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը չկայ: Այսինքն՝ արդէն մենք այս կարճ ճանապարհին նահանջ ենք ապրել», նշած է Ա. Մինասեան:
Դաշնակցական պատգամաւորին խօսքերով, պէտք է ազգովին հասկնանք եւ ազգովին հաւաքուինք, որպէսզի իշխանութիւններուն թոյլ չտանք սխալ ճանապարհով ընթանալ, նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնները մէկ անգամ չէ, որ ըսած են, թէ երբե՛ք չեն համաձայնիր թուրքերուն հետ քննարկել Ցեղասպանութեան փաստը եւ երբեք թոյլ չեն տար անոնց՝ միջամտել Ղարաբաղի հարցին: Սակայն նշեալ երկու հարցերուն մէջ ալ, ըստ պատգամաւորին, նոյն իշխանութեան թոյլ տուած սխալները այլեւս երաշխիք չեն կրնար տալ այն բանին, թէ Ցեղասպանութեան եւ Ղարաբաղի հարցով Թուրքիան յաջողութիւններ չ՛արձանագրեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.