ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան երէկ հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ հրապարակեց Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութեան վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ Սփիւռքի գաղթօճախներու կարծիքը լսելու յայտարարուած նպատակով նախագահի ուղեւորութեան առաջին կայանը պիտի ըլլայ Փարիզ, ուր հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են եւրոպական բոլոր երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Յաջորդ կայանը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքը, ուր հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Ի տարբերութիւն միւս քաղաքներուն, ուր ան միայն քսանչորս ժամ պիտի մնայ, նախագահի Լոս Անճելըսեան կեցութիւնը պիտի տեւէ երկու օր: Լոս Անճելըսի հանդիպումին մասնակցելու հրաւիրուած են Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Լոս Անճելըսի մէջ աւելի երկար մնալու պատճառը, ըստ Սարգսեանի, այս գաղութին մէջ գործող հայկական հեռատեսիլի կայաններուն հետ ծրագրուած ընդրաձակ հեռուստազրոյցն է:
Պէյրութի մէջ հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են Իրանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ Պարսից Ծոցի երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Վերջապէս Տօնի Ռոսթով քաղաքին մէջ կայանալիք հանդիպման մասնակցելու հրաւիրուած են նախկին խորհրդային երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները:
Նախագահը որոշած է սոյն արտասահմանեան շրջապտոյտին ընթացքին քաղաքական հանդիպումներ չունենալ, որպէսզի առաւել եւս ընդգծէ իր ուղեւորութեան խորհուրդը, որն է՝ Սփիւռքի մէջ հանրային կարծիք ստեղծող գլխաւոր կեդրոններու հայ համայնքներուն հետ հանդիպումը ու անոնց կարծիքներուն ունկնդրումը:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարին, հանդիպումներուն ներկայ ըլլալու համար հրաւէրներ ուղղուած են առաջին հերթին՝ համահայկական կառոյցներու, ապա նաեւ՝ Սփիւռքի ականաւոր գործիչներու, «Այն մարդոց, ում կարծիքն ունի առանցքային նշանակութիւն», շեշտած է Վիգէն Սարգսեան:
Վիգէն Սարգսեանի հարց տրուած է այն մասին, թէ՝ արդեօ՞ք հրաւէրներ ուղարկուած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան արտերկրի մարմիններուն: Ի պատասխան այս հարցին, Վ. Սարգսեան յայտնած է. «Միանշանակ այո՛, եւ ակնյայտ է, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր համայնքներում ունի շատ մեծ դերակատարում, եւ առանց Դաշնակցութեան՝ նման քննարկումներն անիմաստ են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.