ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Իրաւական հետախուզական խմբակի, Հայ իրաւաբաններու միութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան համատեղ ջանքերով, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ հանրային քննարկում մը տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 9րդ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած այն վճիռին կապակցութեամբ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներէն կը խլէ ապահովագրական օտար ընկերութեանց դէմ դատ բանալու իրաւունքը, որ տրուած էր իրենց Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ վաւերացուած օրէնքով մը:
Մօտաւորապէս 200 հոգի ներկայ էին հաւաքին, ներառեալ՝ երիտասարդ գործարարներ, իրաւաբաններ եւ ուսանողներ:
«Ներկայիս հայութիւնը կը դիմագրաւէ տեղական, ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ շարք մը հարցեր, որոնցմէ մէկն է Շրջանային 9րդ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը», կը յայտնէ Հայ Դատի յանձնախումբին Իրաւական հետախուզական խմբակի ատենապետ, իրաւաբան Ռաֆֆի Գասապեան, որ կ՛աւելցնէ, թէ այս վճիռին հետեւանքով ոչ միայն Քալիֆորնիոյ մէջ բնակող հայը կը կորսնցնէ իր իրաւունքներուն տիրանալու առիթը, այլ նաւ վնաս կը հասցնէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին եւ կրնայ նախադէպը հանդիսանալ աշխարի տարածքին ապրող բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերու իրաւունքներու ոտնակոխման:
Զրոյցը առաջնորդեցին Ցեղասպանութեան զոհերը ներկայացնող իրաւաբաններէն Մարք Կիրակոսը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սեդօ Պոյաճեանը եւ իրաւաբան ու համայնքային գործիչ Սթիւ Տէտէյեանը: Զրոյցը համադրեց «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանը:
Զեկուցաբաններ տեղեկութիւններ փոխանցեցին վճիռին ու անոր դէմ առնչուող քայլերուն մասին, միաժամանակ պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն:
Յայտնենք, թէ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում արդէն իսկ կատարուած է եւ կարգ մը կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին՝ Հայ իրաւաբաններու միութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, «Զօրեան» հիմնարկը եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը, այդ դիմումին նեցուկ կանգնելու նպատակով թղթածրարներ ներկայացուցած են ատեանին: