ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՄԸՄի եւ «Համազգային»ի Արեւմտեան շրջանի ղեկավար մարմինները առանձին յայտարարութիւններով հանդէս եկած են՝ արտայայտելով իրենց գնահատականը հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն առնչութեամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն յայտարարութեանց բնագիրները.
ՀՄԸՄի Յայտարարութիւնը Կոչ Է՝ Ուղղուած Շրջանի Բոլոր ՀՄԸՄականներուն
«Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ուխտին
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
31 Օգոստոս 2009էն ի վեր ամբողջ Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի ճակատագրական եւ վճռորոշ անկիւնադարձային հանգրուան մը, որ յառաջացաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյանալիք հաւանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով, ուր կը յայտնուին խռովեցուցիչ տեղեկութիւններ։
Ստեղծուելիք յարաբերութիւնները մեզ դէմ յանդիման կը դնեն մեր անժխտելի պահանջատիրութեան ու ազգային անհերքելի Դատին իրողութեանց ընդառաջ, որոնք ապագայի հաշւոյն կը ստեղծեն լուրջ մտահոգութիւններ։
Արդ, ազգովին կը գտնուինք հրամայականներու դիմաց. ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքն ալ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալով անոր՝ իր կարգին չի կրնար անտարբեր մնալ ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ։
94 տարիներէ ի վեր իրերայաջորդ սերունդներ, միասնաբար, հաւատքով, ամրակուռ եւ անխախտ քալեցին մեր ժողովուրդի արդար ու անժամանց Դատի հետապնդումով. այժմ հաշիւ ունինք տալիք մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն։
Կոչ կ՛ուղղենք մեր շարքերուն աչալրջութեամբ հետեւելու այժմու բոլոր իրադարձութիւններուն եւ հաւաքաբար խուռներամ շարքերով մասնակից դառնալու ամէն տեսակ ձեռնարկի, որ կը նպատակադրէ ձախողութեան մատնել Ցեղասպանութեան փաստն ու պահանջատիրական մեր պայքարը խնդրոյ առարկայ դարձնող որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը։
Նահատակ ցեղի անմահ սերունդի արժանաւո՛ր ժառանգորդներ, հաւատարիմ մեր ուխտին՝ Արարատագնաց մեր երթը պիտի շարունակենք մինչեւ Ազատ, Անկախ, Ամբողջական եւ Միացեալ Հայրենիքի ստեղծումը»։
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Օգոստոսի 31ին, Հայաստանի եւ Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների միջեւ նախաստորագրուած փաստաթուղթը մտահոգութեան եւ տագնապի առիթ է դարձել ողջ հայաշխարհում: Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մտաւորականութիւնն ու մշակութային գործիչները, ու նաեւ ամէն մի հայ, որն ունի պատմութեան մասին բաւարար տեղեկութիւն, մտահոգիչ ու վտանգաւոր է գտնում այս տխրահռչակ փաստաթղթում տեղ գտած կէտերը, որոնք ոչ այլ ինչ են, քան Թուրքիայի կողմից մեզ պարտադրուած նոյն նախապայմանները, որոնք տարիներից ի վեր հետապնդում էին թուրք դիւանագէտները: Թէեւ ոչ բառացիօրէն, սակայն գործնականում Թուրքիայի պետութեանը յաջողուել է հէնց այս նախնական փուլում կոտրել հայկական կողմի դիմակայութիւնը եւ կորզել հետեւեալ յաջողութիւնները.
Ա) Պատմական եւ արխիւային հարցերով զբաղուող Միջկառավարական ենթայանձնախումբ կեանքի կոչել, որը պիտի քննարկման նիւթ դարձնի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Բ) Հայաստանի եւ Թուրքիայի տարածքային անխախտելիութեան սկզբունքը մատնանշել, որին համաձայնուելով՝ Հայաստանը փաստօրէն հրաժարւում է մեր հողային պահանջներից եւ վերահաստատում է Կարսի պայմանագիրը:
Գ) Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը պայմանաւորել Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումով, որն արդէն բազմիցս անգամներ հնչել է Անգարայի պաշտօնակատարների յայտարարութիւններում:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը անընդունելի գտնելով Թուրքիայի միջոցով մեզ պարտադրուող վերոնշեալ քօղազերծուած նախապայմանները՝ այսու հաստատում է, թէ՝
– Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները համայն հայութեան խնդիրն են եւ ինչպէս Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու համար, այնպէս եւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայի համար իր պատմութեանը եւ ինքնութեանը հաւատարիմ մնալը ազգային գոյատեւման միակ երաշխիքն է: Մեր նորանկախ երկրի պետականութեան ամրապնդումն ու բարգաւաճումը ուղղակիօրէն կախում ունի մեր պատմական իրաւունքները վերականգնելու, մեր ազգային ինքնորոշման, անկախ ու ազատ ապրելու տարրական ու բնական իրաւունքին տէր կանգնելու մեր վճռակամութիւնից: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, բռնագրաւուած մեր հողերի վերադարձն ու Թուրքիայի հատուցումը ապահովելու են հէնց ներկայ Հայաստանի անվտանգութիւնը:
– Արդէն առանց նախապայմանների Թուրքիայի հետ բանակցելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը մեծագոյն զիջումն է, որ կարող է կատարել Ցեղասպանութիւնը կրած եւ նրա հետեւանքներն դեռ մինչեւ այսօր կրող մեր ժողովուրդը: Նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու նիւթական, բարոյական ու ֆիզիքական հատուցումով անգամ, Թուրքիան չպիտի կարողանայ վեարադարձնել մեր մշակութային կողոպտուած ու աւերուած կոթողները, չպիտի կարողանայ շտկել հազարամեակների պատմութիւն ունեցող մի ժողովրդի հետքերն անգամ անհետացնելու իր տասնամեակների քաղաքականութեան աղէտալի արդիւնքները: Այս բոլորից հրաժարուելը, հաշտուելը եւ ներելը ոչ թէ մի նախագահի, նախարարի կամ իշխանութեան գործն է, այլ՝ ողջ մի ժողովրդի անցեալի, ներկայի ու գալիք սերունդների իրաւունքը: Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի մեր իշխանութիւնները նման պատմական սխալի ընթացք չպիտի տան եւ ականջալուր իրենց ժողովրդի արդար պահանջին պիտի հրաժարուեն մեր ազգային շահերը վտանգող այս փաստաթղթի ստորագրումից»: