ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայ-թրքական արձանագրութեանց ստորագրութիւնը իւրօրինակ մեկնաբանութիւններու ու զուտ վրացական դիտարկումներու տեղի տուած է դրացի Վրաստանի մէջ։ Վրաստանի մէջ հնչող մեկնաբանութիւնները այնքան անհիմն են, որ անհեթեթութեան կը հասնին:
Ըստ վրացական մամուլին, Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման կրնայ հետեւիլ Երեւանի կողմէ Վրաստանի Սամցխէ-æաւախքի տարածքաշրջանի համար ինքնավարութեան պահանջը։ Բացի ատկէ, Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ հաղորդակցութեան վերականգնումը կտրուկ ու ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Վրաստանի վրայ, տնտեսական ու քաղաքական ենթահողէ դիտուած։
Սահմանի բացումէն ետք, ըստ վրացիներուն, Երեւանը աւելի ինքնավստահ պիտի զգայ ինքզինք եւ աւելի պահանջկոտ կեցուածք պիտի դրսեւորէ։
Հակահայ թէման միայն հայ-թրքական զարգացումներու խորքի վրայ չէ, որ կը քննարկուի վրացական լրատուամիջոցներու մէջ։ Վրացական կողմէ անհանգստութիւն կը հնչէ նաեւ հայկական հիւլէակայանի գործունութեան առնչութեամբ:
Այլ հարց մը, որ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած է, այն է, թէ «հայ սահմանապահներն ու Հայաստանէն զանազան քրէածին խումբեր պարբերաբար ատրպէյճանցիներ կ՛առեւանգեն Վրաստանի սահմանամերձ գիւղերէն ու զանոնք կ՛աշխատցնեն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.