ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի մրցումի ընթացքին ատրպէյճանական դրօշակի դէմ դրուած արգելքը կը շարունակէ զբաղեցնել այս խնդրին մէջ դէմ դիմաց եկող երկու խմբակները։ Պուրսայի կուսակալ Շահապէտտին Հարբութ այս խնդրին մէջ մէջտեղ մնացած մարդ է եւ ան ակամայ իր վրայ հաւաքած է Ատրպէյճանի դրօշակը պաշտպանող խմբակի զայրոյթը։ Կուսակալը նախ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի դրօշակը պիտի չընդունուի, յետոյ նահանջած էր ստեղծուած հակազդեցութեանց դիմաց ու ըսած էր, որ դրօշակին դէմ արգելք չկայ, ինք պարզապէս ուզած էր որ դրօշակը գրգռութեան համար չգործածուի։ Բայց աւելի վերջ, կրկին կարծիք փոխած էր, ու ըսած էր որ ատրպէյճանական դրօշակը պիտի չընդունուի, որովհետեւ ՖԻՖԱն այդպէս հրահանգած է։
Ատրպէյճանի կողմէ եկած բուռն բողոքներուն ու գանգատներուն պատասխանած ըլլալու համար կուսակալը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին կրկին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ ու ըսաւ, որ որոշ շրջանակներ սխալ կը հասկնան այս խնդիրը կամ յատկապէս կը շեղեցնեն։ Կուսակալը յստակ կերպով յիշեցուց, որ ՖԻՖԱն էր որ պահանջած էր, որ թրքական ու հայկական դրօշակներէն զատ դրօշակներ չընդունուին մարզադաշտէն ներս։
«ՖԻՖԱն ըսաւ, որ ատրպէյճանական դրօշակը պիտի չընդունուի. հակառակ պարագային ան կրնար ջնջել մրցումը: Ուրեմն, մեր կուսակալութիւնը այս խնդրին մէջ կարծիքի ազատութիւն չունէր, գործադրելու ստիպողութիւն ունէր, այս կէտը պէտք է լաւ հասկցուի», ըսաւ Հարբութ։