Անցեալ ամիս, Դանիոյ մէջ լոյս տեսած է Հայկական Ցեղասպանութեան երեք դանիացի ականատեսներու վկայութիւնները ամփոփող հատոր մը, խմբագրութեամբ լրագրող Հալէ Շէօլըր Քիարի, որ յոյս կը յայտնէ, թէ այս գիրքին միջոցաւ Դանիոյ ժողովուրդը եւ յատկապէս իշխանութիւնները աւելի մօտէն կը ծանօթանան Հայկական Ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ազդու միջոցներով դէմ դնել Ցեղասպանութիւնը ուրանալ փորձող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մղած պայքարին:
«1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան դանիացի ականատեսներ» խորագրով հատորը հիմնուած է Խարբերդ հաստատուած աւետարանչուհի Մարիա Ճէյքըպսընի, Ուրֆա եւ ապա Հալէպ հաստատուած մարդասիրական աշխատանքներու պատասխանատու Քարէն Եփփէի, եւ դանիացի դիւանագէտ Քարլ Էլիս Ուանտըլի վկայութեանց վրայ:
Տեղեկութեանց մեծ մասը վերցուած է Դանիոյ պետական արխիւներէն:
Գիրքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել «Վանտքունսթըն» հրատարակչատան համացանցային կայքը՝
www.forlagetvandkunsten.dk/108748 կամ դիմել
info@forlagetvandkunsten.dk հասցէին: