ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Տարիներէ ի վեր ստեղծուած աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս հաւաքները՝ իւրաքանչիւր առիթով մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող հարցեր կ՛արծարծեն, որոնց մանրամասնութեանց ա՛յլապէս անհաղորդ պիտի մնար մտաւորականութիւնը: Մտքերու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ նոր գաղափարներու բանաձեւումը, մեծապէս հարստացուցիչ կը դառնայ այսպիսի հաւաքներու ճամբով:
Վերոյիշեալ հաւաքներէն վերջինը՝ Դեկտեմբեր 2ին կայացած, հիմնական երեք առանցքներ ունեցաւ իբրեւ նիւթ։
Առաջին հերթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի վերջին թիւին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ: Տարեգիրքը ներկայացուց, խմբագրական կազմի անդամներէն Ժիրայր Դանիէլեան: Հատորը ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ Անթիլիասի մէջ այս տարուան Յունուար ամսուն տեղի ունեցած գիտաժողովին նիւթերը, որ նուիրուած էր հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան ու աշխարհագրութեան, հոգեւոր կեանքին ու դպրութեան, կիրառական արուեստին ու մշակոյթին, ռազմական կեանքին ու ազգագրութեան, եւ կեանքի այլ բնագաւառներուն:
Երկրորդ, դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած, Ատանայի Կոտորածի 100ամեակին նուիրուած մատենաշարի Ա. հատորին ներկայացումը կատարուեցաւ, մատենաշարի խմբագիր՝ Սարգիս Կիրակոսեանի կողմէ: Մատենաշարը պիտի ընդգրկէ Ատանայի կոտորածին առընչուող բոլոր նիւթերը:
Հաւաքի երրորդ բաժնին ներկայ գտնուեցաւ Հայրենի մտաւորական Ռուբէն Յովսէփեան: Այս բաժնին առանցքը կազմեց Հայաստան-Թուրքիա վերջին յարաբերութիւններու հարցը, ծանօթ արձանագրութիւններու հետեւանքներէն յառաջացած իր մտահոգութիւններով:
Յովսէփեան ներկայացուց Հայաստանի մտաւորականութեան մօտեցումը վերոյիշեալ հարցին գծով, եւ իր վերլուծումը կատարեց սոյն արձանագրութիւններու յառաջիկայ հանգրուաններուն առընչութեամբ:
Տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում, եւ ներկայ մտաւորականները պարզեցին իրենց տեսակէտները, որոնք յատկապէս Սփիւռքահայ լայն զանգուածներու մտահոգութենէն յառաջ կու գան: Անոնք շեշտեցին, որ Հայաստան զգուշաւորութեամբ պէտք է մօտենայ այս հարցին, ըսելով թէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, նախ իր գնահատանքը յայտնեց հրատարակուած երկու հատորներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած անձերուն: Ան յատկապէս յիշեց հայ գիրի ու դպրութեան հաւատացող, Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը, որուն ջանքերով թէ՛ «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքը լոյս տեսած էր, եւ թէ՛ Ատանայի 100ամեակի մատենաշարը հաստատուած էր:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը ջերմապէս գնահատեց մտաւորականներու ներկայութիւնը, միաժամանակ իր սպասումը յայտնելով, որ Հայ մտաւորականները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մայր գաղութներուն մէջ դառնան աւելի գործօն ներկայութիւն մեր ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու շուրջ իրենց տեսակէտները յստակօրէն արտայայտելով, հեռու ամէն տեսակ միակողմանի ու շահադիտական մօտեցումներէ, եւ միշտ կառչելով մեր ազգի ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն: