ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի գնահատումով, իշխանութիւնները կարեւոր չեն գտներ ընդդիմութեան դերակատարումը՝ «ինչի վառ ապացոյցը արդէն ընդունուած պիւտճէում ընդդիմութեան առաջարկներն անտեսելն էր»:
«Իշխանութիւնը յատկապէս պիւտճէի ներկայացման ժամանակ ցոյց տուեց իր իրական դէմքը, որ հանրային փողերի բաշխման գործում կարեւորում են իրենց որոշումները եւ ամենեւին չեն արժեւորում ընդդիմութեան տեսակէտները», Դեկտեմբեր 14ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը եւ նշած, որ ընդունուած են միասնական ուժերուն առաջարկները, որոնց զգալի մասը, առանց հիմնաւորումներու էին: Մինչդեռ, Լեռնային Ղարաբաղի նիւթական աջակցութիւնը աւելցնելու՝ Դաշնակցութեան առաջարկը մերժուած է:
Նշենք, որ Դաշնակցութիւնը առաջարկած էր Ղարաբաղին «վերաբնակեցման նպատակային փոխառութիւն» տրամադրել: