ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ, «Կոմիտաս Ռատիօժամ».- Դեկտեմբեր 5ին, Ուրուկուայի Մոնթէվիտէօ քաղաքի ՀՅԴ Վռամեան կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, հանդիպում-տօնախմբութիւն մը տեղի ունեցած է ՀՅԴի օրուան նուիրուած:
Հանդիսութան, նախ խօսք առած է ՀՅԴ Վռամեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Արփին Հօճաճանեան, որ կեդրոնացած է Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած երեք վտանգաւոր այն կէտերուն, որոնք անընդունելի են իրենց պարունակած նախապայմաններուն համար: Ան կոչ ըրած է ամէն գնով շարունակել պայքարը, այդ արձանագրութիւններուն դէմ, ձախողեցնելու համար անոնց վաւերացումը:
Օրուայ գլխաւոր բանախօսը, Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան մանրակրկիտ վերլուծականով մը անդրադարձած է Ապրիլ 22ի «Ճանապարհի քարտէս»ի համաձայնագրին եւ Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, նշելով հայ դիւանագիտութեան անկարողութիւնը, նախապայմաններ պարունակող եւ մեծ պետութիւններու ճնշման տակ Հոկտեմբեր 10ին ստորագրուած այդ աննպաստ արձանագրութիւններու փաստը, որ կրնայ փոշիացնել Հայ Դատի յանձնախումբերու տասնամեակներու հետեւողական աշխատանքները:
Խօսելով այն դառն իրավիճակի մասին, որ այսօր կ՛ապրի՛ հայութիւնը, Խ. Տէր Ղուկասեան, եզրակացուցած է իր դասախօսութիւնը, ըսելով, որ «կրնա՛յ ըլլալ որ հրաշքներ չեն պատահիր մեր ապրած դարուն մէջ, սակայն մենք անցեալ տարի հրաշք մը ապրեցանք, երբ հակառակ Հայ-թրքական համագործակցութան յառաջացուցած խառնաշփոթին, խումբ մը երիտասարդներ, այստեղ՝ Մոնթեվիտէոյի մէջ, ուրիշ խումբ մըն ալ Գորտոպայէն, առանց տատամսելու միացան ՀՅԴի շարքերուն եւ վերջերս ալ Պ. Այրէսէն 15 երիտասարդներ իրենց Դաշնակցականի երդումը պիտի տան: Հրաշքը մեզի համար այս երիտասարդներն են, անոնց է ապագան, մենք յոյս դրած ենք այս դրամագլուխի՛ն»: