ՊՈԼԻՍ, ՔԱԼՈՆԺԷ, «Մարմարա».- Դեկտեմբեր 6ին, սպանական Քալոնժէ ծովափնեայ քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս Ս. Պատարագ մատուցանուած է, ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի։ Պատարագի վերջաւորութեան հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով ոգեկոչուած է յիշատակը 1988ի երկրաշարժի զոհերուն:
Քալոնժէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին ո՛չ միայն տեղւոյն, այլ նաեւ Պարսէլոնայէն հայ ընտանիքներ, Բարեգործականի Եւրոպայի պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայրապետական պատուիրակի Սպանիոյ եւ Փորթուկալի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեան։
Վերջին տարիներուն զգալիօրէն աւելցած է սպանահայ գաղութի թիւը, ի հաշիւ եւրոպական զանազան երկիրներէն հոն տեղափոխուած հայաստանցիներու, որոնց թիւը կը հասնի 50 հազարի։
Իսկ նախօրէին, Դեկտեմբեր 5ին, Պարսէլոնայի մէջ տեղի ունեցած է Սպանիոյ Հայց. եկեղեցւոյ խորհուրդի հանդիպումը, զոր վարած է Նորվան Սրբազան։ Հանդիպումին ներկայ եղած են Սասուն Ծ. վարդապետը, Եւրոպայի Բարեգործականի ատենապետ Ալէքսի Կովճեան եւ վարչութեան անդամներ:
Հայր Սասուն նախ ներկայացուցած է Սպանիոյ մէջ չորս ամիսներու ընթացքին իր կատարած աշխատանքը՝ ան եղած է Պարսէլոնա, Վալէնսիա, Ալիքանթէ եւ Մատրիտ քաղաքներուն մէջ, ծանօթացած է տեղւոյն հայ համայնքներուն, մատուցանած է Ս. Պատարագ։ Վարդապետը յոյս յայտնած է, որ հայ համայնքը կը կազմակերպուի եւ կ՛աջակցի, որպէսզի Հայց. Եկեղեցւոյ սպասաւորներ կարենան լիարժէք գործունէութիւն ծաւալել Սպանիոյ ամբողջ տարածքին եւ չձախողի Սպանիոյ թեմ մը հաստատելու գործընթացը։