ՓԱՐԱՄՈՒՍ, Նիւ Ճըրզի.- Հայ աւետարանչական միութիւնը լոյս ընծայած է պատուելի Ճան Մարգարեանի ինքնակենսագրութիւնը հանդիսացող «Thirsty Enemy» հատորը, որ ինքնակենսագրական սովորական գործ մը ըլլալէ աւելի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերու միջադէպերուն նկարագրումն է, որ կը կարդացուի իբրեւ հետաքրքրական վէպ մը:
92ամեայ Մարգարեան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադիր տօնրէններէն մէկն էր, որ նախընտրած էր Լիբանանի մէջ մնալ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ու միայն պատերազմին ութերորդ տարուան ընթացքին ապաստանած էր Միացեալ Նահանգներ:
450 էջնոց հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար դիմել amaa@amaa.org հասցէին կամ այցելել www.amaa.org կայքը: