ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Այս օրերուն արտասովոր երուզեռ մը սկսած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն՝ գիւղերէն ու քաղաքներէն հազարաւոր մարդիկ մայրաքաղաք կու գան, մեծաքանակ ու փոքրաքանակ ապրանք, ուտեստեղէն եւ նուէրներ գնելու։ Բոլորն ալ այս օրերուն մոռցած են ընկերատնտեսական ու քաղաքական հարցերը եւ կլանուած են ամանորի նախապատրաստական աշխատանքներով։
Սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը ճառելն է, որպէսզի գոնէ տարին մէկ անգամ, Ամանորի գիշերը, կարենան ճոխ սեղան ունենալ եւ նուէրներով ուրախացնել իրենց սիրելիները։ Նորելուկ մեծահարուստներուն համար, տան մէջ սեղան պատրաստելը վաղուց կորսնցուցած է իր հմայքը։ Անոնք Տուպայի, Եգիպտոսի եւ նոյնիսկ Թայլէնտի ու Մալիի հինգ աստղանի հիւրանոցներուն մէջ տեղ ապահովելու վազքին մէջ են։ Ամրան սկիզբը, Հայաստանի վարչապետը կառավարութեան անդամներուն եւ մեծահարուստներուն թելադրեց ամառնային արձակուրդներուն համար օտար երկիրներ չմեկնիլ եւ նախընտրել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի գեղատեսիլ շրջանները։ Խօսք մտիկ ընող չեղաւ եւ հաւանաբար այս պատճառով, վարչապետը Ամանորէն առաջ նոյնօրինակ խրատներ տալու համարձակութիւն չունեցաւ, թէեւ բոլորին աւետեց, որ Դեկտեմբեր 31էն մինչեւ Յունուար 10ը պաշտօնական արձակուրդ է։
Նոր Տարուան գնումներ կատարողներուն համար զարմանալի չէ նաեւ այն, որ Ամանորէն առաջ ուտեստեղէնի եւ սպառողական ապրանքներու գիները զգալիօրէն բարձրացած են։ Մարդիկ կարծես արդէն համակերպած են վաղուց աւանդոյթ դարձած այն իրողութեան, որ Նոյեմբեր–Դեկտեմբեր ամիսներուն վաճառականները պիտի բարձրացնեն բանջարեղէնի, կանաչեղէնի, մսեղէնի եւ պտուղներու գիները։ Հակառակ այս համատարած սղաճին, շուկաները կը վխտան հազար ու մէկ ապրանք գնելու եկած յաճախորդներով, իսկ Երեւանի փողոցները, խանութներու եւ ճաշարան–սրճարաններու ցուցափեղկերը կը պսպղան տօնական օրերուն յատուկ լոյսերով ու զարդարանքներով։
Ըսեմ նաեւ, որ Նոր Տարուան տօնակատարութիւնը մէկ օրուան իրադարձութիւն չէ Հայաստանի մէջ, այլ անիկա կ՛երկարի մինչեւ Յունուար 12–13։ Այս ժամանակաշրջանին բոլորին սեղանները կը մնան ճոխ ու բաց՝ բոլոր այցելուներուն առջեւ անխտիր։ Հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ, հարեւաններ ու ծանօթներ զիրար կ՛այցելեն, նուէրներ կը փոխանակեն ու բաժակ բարձրացնելով՝ ուրախ Նոր Տարի եւ ամենայն բարիք կը մաղթեն իրար։
Քանի մը շաբաթէն պիտի անհետանան փողոցներու եւ շուկաներու մէջ ստեղծուած խճողումները։ Տօնական օրերը, գէթ կարճ ժամանակի մը համար, մոռցնել պիտի տան քաղաքական հարցերը, անհասկնալի թանկացումները, ֆինանսական–տնտեսական ճգնաժամին յառաջացուցած դժուարութիւնները, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները։
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը յոյսի ու հաւատքի տօներ են։ Յոյսն ու հաւատքը պիտի արտացոլան բոլոր սեղաններուն շուրջ, բոլոր բաժակաճառերուն մէջ, բոլորի մաղթանքներուն, շնորհաւորական խօսքերուն ու բարեմաղթութիւններուն մէջ։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com