ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 15ին Երեւանի Տէրեան-Աբովեան փողոցներուն միջեւ գտնուող զբօս- այգիին մէջ տեղի ունեցաւ ականաւոր գիտնական, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր նախագահ, ՀՀ ազգային հերոս, աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանի յուշարձանի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան:
Արձանի բացումէն ետք Տէրեան-Աբովեան փողոցներուն միջեւ գտնուող զբօսայգին կոչուեցաւ Վիկտոր Համբարձումեանի այգի: