Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Կլենտէյլի նոր ոստիկանապետ Ռան տէ Փոմփայի այցելութիւնը։ Ոստիկանապետին կ՛ընկերանար անոր տեղակալներէն Իըն Կրայմզ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգային վարչութեան անդամներէն տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան, Կարօ Էշկիեան եւ Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան։
Ռան տէ Փոմփա վերջերս ստանձնած է Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանապետի պաշտօնը։ Ան Ազգային առաջնորդարան եկած էր առաջնորդին լուսաբանութիւններ տալու իր աշխատանքներուն մասին, որուն համար կը կարօտի նաեւ հայ համայնքի առաջնորդներու եւ պատասխանատու շրջանակներու աջակցութեան։ Հիւր ոստիկան պատասխանատուները խօսեցան իրենց աշխատանքին ընթացքին Կլենտէյլի բնակչութեան, ի շարս որոնց՝ հայերու հետ իրենց դիմագրաւած հարցերու մասին, ընդգծելով, որ այս ծիրին մէջ կը խնդրեն համայնքի պատասխանատուներուն ու զաւակներուն գործակցութիւնը։
Առաջնորդը շնորհաւորեց ոստիկանապետը, անոր յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ, միաժամանակ ընդգծելով, որ հայութիւնը միշտ ալ ընդառաջած է իր քաղաքացիական ու քաղաքացիի պարտականութիւններուն։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ առաջնորդարանն ու հայկական շրջանակներ պատրաստակամ են գործակցելու ոստիկանութեան թէ այլ պատասխանատուներու հետ, պահպանելու համար քաղաքին անդորրութիւնն ու բարգաւաճումը։
Վերջապէս, համաձայնութիւն գոյացաւ նմանօրինակ հանդիպումներ կրկնելու մասին։ Այս ծիրին մէջ, կը նախատեսուին յաճախակի հանդիպումներ՝ ոստիկանութեան ու հայ համայնքին միջեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.