Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն ստացած ենք «Ասպարէզ»ի ընտանիքի անդամներու Նոր Տարիոն շնորհաւորող նամակ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: Մենք ալ մեր կարգին կը շնորհաւորենք նախարարի ու նախարարութեան լրիւ անձնակազմի Նոր Տարին եւ սուրբ Ծնունդը, մաղթելով, որ Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման մասին այլեւս խօսելու կարիք չըլլայ, այլ արդէն գործերով ամէն օր կենսագործուի այդ գաղափարը:
Արեւմտեան ԱՄՆի «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր
Հայրենիքի սիրոյ ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի ողջ աշխատակազմը Ամանորի եւ Ս. ծնունդի տօներու առիթով՝ մաղթելով, որ 2010 թուականը համայն հայութեան համար ըլլայ խաղաղութեան, բարօրութեան, յաջողութիւններու եւ նոր ձեռքբերումներու տարի:
«Ասպարէզ»ը տասնամեակներ շարունակ իր բազմաբովանդակ էջերով լոյս կը սփռէ Հայաստանի, տարածաշրջանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու կեանքի անցուդարձերուն։ Դուք կը կատարէք նաեւ Սփիւռքի համայնքները իրարու կապելու կարեւոր առաքելութիւնը։
Շնորհակալ ենք, որ նախարարութեան գործունէութեան անցուդարձը նոյնպէս տեղ կը գտնէ ձեր թերթին մէջ։
Այս ուրախ տօներուն առիթով կը մաղթեմ, որ նոր տարին ձեզ առաջնորդէ անցած տարիներու Ձեր բեղուն գործունէութեան լոյսով՝ ու տանի դէպի նորանոր յաջողութիւններ։
Ձեզ ուժ եւ կորով, անկասելի յառաջընթաց՝ հայապահպանման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման, միասնութեան ու ազգակերտման ճանապարհին։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս.Ծնունդ։
Յարգանքով՝
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ