Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ին, ՀԵԴ Պըրպենքի «Վարագ» եւ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտերէն անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան æաւախք հիմնադրամի յանձնախումբին դրամահաւաքի աշխատանքներուն:
Անոնք պատրաստեցին հայկական վարժարաններու մէջ տեղադրուելիք գանձանակները, որոնց միջոցաւ հաւաքուելիք գումարները կը տրամադրուին æաւախքի մարդասիրական ծրագիրներուն, որոնց մէկ մասը կ՛առնչուի երիտասարդութեան:
«Մենք միշտ սիրով կ՛օգնենք Հայ Օգնութեան միութեան, որովհետեւ այս մեծ միութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը կը հասնի ամէն տեղ, ուր կարիքաւոր հայ մարդ կայ, Հայաստանի թէ սփիւռքեան հեռաւոր վայրերու մէջ», յայտնեց Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուշտի անդամ Նանոր Աղամալեան:
ՀՕՄի æաւախք հիմնադրամի յանձնախումբը ամէն նոր տարիի կը ձեռնարկէ հայկական վարժարաններու մէջ յատուկ գանձանակներու տեղադրամն, որոնց մէջ հայ աշակերտներու դրած լումաները կը հաւաքուին ու կը տրամադրուին æաւախքի ծրագիրներու:
«ՀԵԴ միշտ յանձնառու է ձեռք երկարելու որեւէ ծրագրի, որ օգտակար կրնայ ըլլալ մեր հայրենիքին: Եթէ մեր աջակցութեամբ հնարաւոր կը դառնայ, որ ջաւախքցի հայ երիտասարդը Հայաստան այցելէ ու հաղորդուի իր ազգակիցներուն հետ, ապա կ՛արժէ այդ աշխատանքին զօրակցիլ», կը յայտնէ Պըրպանքի «Վարագ» ուխտի անդամներէն Շահան Պողիկեան:
æաւախք հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Հայկուշ Քոհլըր այս առթիւ կը յայտնէ, որ «մարդասիրական եւ բարեսիրական ըլլալէ բացի, այս ծրագրի բուն նպատակը շրջանիս ազգային եւ շաբաթօրեայ վաժարանները յաճախող աշակերտութիւնը հաղորդակից դարձնել է æաւախքի մէջ ապրող իրենց հասակակից աշակերտութեան: Նաեւ կը նպաստէ հայրենի æաւախքը մօտէն ծանօթացնել մեր երիտասարդ սերունդին: Տարեկան հասոյթը կը տրամադրուի շրջանիս մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման: ՀԵԴն միշտ մեզի օգնած է: Շնորհակալ ենք որ ծնողները եւ վարժարանները ամէն տարի ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակեն որպէս ազգային պարտականութիւն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Anchap shnorhakal enk amen inchi hamar
karox ek karda sa karcum em dzez khetakrkri
ԱՄԱՆՈՐՅԱ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ` ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ-ԿՐԹԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵՆՏՐՈՆՈՒՄ
http://akhaltskha.net/news/amanorya_mijocar39owmner96_axalcxayi_haykakan_eritasachdakan_krt39amshakowt39ayin_kentronowm/2009-12-25-109