ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Tele-Culture 24 Ժամեայ Միջազգային Հեռատեսիլի կայանը կազմակերպած է «2009 ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ», կատարողութեամբ «Կիլիկիա» սիմֆոնիք նուագախումբին, ղեկավարութեամբ աշխարհահռչակ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի, որ արժանացած է Կլենտէյլ Քաղաքի եւ Լոս Անճելըսի Արուեստի Իրագործումներու Ադամանդեայ պարգեւներուն: Երաժշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 27, 2009ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, First Baptist Church of Glendale եկեղեցւոյ մէջ, որու հասցէն է 209 North Louise St, Glendale, CA (Wilson փողոցի խաչմերուկին):
Նուագախումբը պիտի ներկայացնէ հայկական աւանդութեան մաս կազմող, աւելի քան 100 տարուան կեանք ունեցող տօնական երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ հայ հռչակաւոր երգահաններու յօրինումներէն կտորներ: Ներկաները պիտի վայելեն նաեւ միջազգային տօնական աւանդական երգեր աշխարհահռչակ զանազան երգահաններու յօրինումներէն ինչպէս՝ Եոհան Շթրաուս, Լիրոյ Անտըրսըն, Փիթըր Չայքովսկի, Ամատէոս Մոզարթ, որոնք երգուած են տարբեր ժամանակներու եւ զանազան տօնակատարութեանց առիթով։
Տոմսերու վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի նուիրուի Կլենտէյլ-Կապան Քոյր քաղաքներու կազմակերպութեան Մանկապարտէզներու Տօնական Նուիրաբաշխման։ Կլենտէյլ-Կապան Քոյր քաղաքներու կազմակերպութեան նպատակն է տնտեսական ու մշակութային կապեր հաստատել երկու քաղաքներուն միջեւ, նաեւ ձեռնարկել այնպիսի ծրագիրներու, որոնք պիտի նպաստեն երկու քաղաքներու բնակիչներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան պայմաններու ստեղծման ինչպէս նաեւ մշակութային, կրթական ու տնտեսական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան։ 2003ին ստեղծուած այս միութիւնը անցնող տարիներու ընթացքին յաջողած է իրականացնել բարեսիրական բազմաթիւ աշխատանքներ եւ իր որոշիչ դերակատարութիւնը ունեցած է Կապանի պայմաններու բարելաւման գործին մէջ, մանաւանդ առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ։
Երաժշտահանդէսը ամբողջութեամբ պիտի արձանագրուի եւ արբանեակի ու համացանցի ճամբով սփռուի աշխարհով մէկ բազմաթիւ պատկերասփիւռի կայաններով:
Երաժշտահանդէսի տոմսերը կարելի է գնել՝ հեռաձայնելով Chaterian World Music, (818) 242-6928 թիւին: Սրահի դռները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 5:30ին: